Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը Պիտի Քննուի Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Մայիս 22-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը պիտի քննի Պոլսոյ հայոց պատրիարքի` աւելի քան մէկ տասնամեակ չիրականացող ընտրութիւններուն հարցը:

Ինչպէս յայտնի է, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան  ծանր հիւանդութեան պատճառով 2008-էն ի վիճակի չէր պաշտօնավարելու: Այդ պատճառով մեկնարկած էր Մութաֆեանին փոխարինող պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Սակայն 2010-ին թրքական պետութիւնը յայտարարեց, որ քանի որ պատրիարքը դեռ ողջ է, ապա նոր պատրիարքի ընտրութիւններ չեն կրնար ունենալ եւ կրնայ միայն պատրիարքի փոխանորդ ընտրուիլ:

Թէեւ նախապէս նման պաշտօն գոյութիւն չէր ունեցած, այնուամենայնիւ, շուտով կայացան փոխանորդի ընտրութիւնները: Բաւական խնդրահարոյց ընտրութիւններու արդիւնքով այդ պաշտօնին վրայ ընտրուեցաւ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Երկարատեւ տարաձայնութիւններէ ետք տեղի ունեցան փոխանորդի նոր ընտրութիւններ, երբ Աթէշեան պարտուեցաւ։ Սակայն Պոլսոյ նահանգապետարանը անմիջապէս յայտարարեց, թէ իրաւական տեսակէտէ այդ ընտրութիւնները վաւերական չեն:

2019-ի Մարտ 8-ին Մեսրոպ Մութաֆեան վախճանեցաւ, որ իրաւականաօրէն հնարաւոր դարձուց նոր պատրիարքի ընտրութիւնները: Սակայն նախորդող 11-ամեայ ժամանակահատուածին պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած կայացան շարք մը դատական որոշումներ, որոնք բողոքարկուեցան «կրօնի եւ խղճի ազատութեան ոտնահարման» հիմնաւորումով:

Մայիս 22-ի դատական նիստին Սահմանադրական դատարանը պիտի քննէ այդ որոշումներու արդարացիութիւնը ու անոնց դէմ ներկայացուած բողոքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին