Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակին Առիթով Փարիզի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան Անոր Արուեստը Արժեւորող Ձեռնարկներ

Մայիս 22-ին կը լրանայ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, երգիչ-երգահան Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակը:  Ինչպէս կը յայտնեն «Ազնաւուր» հիմնադրամէն, Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձին ընդառաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ անոր արուեստը նշանաւորող ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին` ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, հանրային վայրերու, հաստատութիւններու անուանակոչութիւն:

Մեծ արուեստագէտին 95-ամեակի առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանը, համագործակցելով «Ազնաւուր» հիմնադրամին հետ, Ազնաւուրի ծննդեան օրուան նախօրէին` Մայիս 21-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կը կազմակերպէ հետեւեալ ձեռնարկները:

Յուշատախտակի բացում

Մայիս 21-ին` Փարիզի  ժամանակով 11:15-ին, Ազնաւուր ընտանիքի փարիզեան առաջին բնակարանի հասցէին մէջ պիտի բացուի յուշատախտակ` Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի, քաղաքային իշխանութիւններու, նշանաւոր անձերու եւ, ի հարկէ, Ազնաւուր ընտանիքի անդամներուն ներկայութեամբ:

Յուշատախտակը պիտի տեղադրուի Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին մէջ, ուր Փարիզ ժամանելէն ետք բնակած է Ազնաւուրեաններու ընտանիքը, եւ ուր անցած է Շառլ Ազնաւուրի մանկութիւնը:

Համերգ Փարիզի քաղաքապետարանի մերձակայ հրապարակին վրայ

Փարիզի քաղաքապետարանին յարող հրապարակին վրայ Փարիզի ժամանակով ժամը 17:00-ին տեղի պիտի ուեննայ համերգ` նուիրուած Ազնաւուրի տարեդարձին:

Համերգին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Փարիզի քաղաքային երգչախումբը, Անդրէ Մանուկեանը, Ժոաննա Մենտիլը, Եսայի Ալթունեանը, Ազնաւուրին նուագակցած դաշնակահար Էրիկ Պերշոն եւ այլ երաժիշտներ:

 Շառլ Ազնաւուրի եւ անոր որդիին` Նիքոլա Ազնաւուրի կողմէ ստեղծուած «Ազնաւուր» հիմնադրամին նպատակն է զարգացման մշակոյթի, կրթութեան եւ բարեկեցութեան ապահովման ծրագիրներ իրականացնել: Հիմնադրամի առաքելութեան կարեւորագոյն նպատակներէն է նաեւ մեծ արուեստագէտին մշակութային ու մարդասիրական ժառանգութեան պահպանումն ու յարատեւման ապահովումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին