Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Բողոքողները Կ՝ընդիմանան Անվտանգութեան Ուժերուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկուշաբթի օր, Վարչապետի նստավայրին դիմաց իրականացուող ցոյցի մը ընթացքին, անվտանգութեան ուժերը դիմադրութեան հանդիպեցան խումբ մը ցուցարարներու կողմէ, որոնք դէմ էին առաջարկուող խստացուած միջոցներուն։ Լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ վիրաւորուեցաւ առնուազն մէկ ցուցարար։

Ցոյցը, որ հաւաքած էր պետական ​​աշխատողներ, զինուորական վեթերաններ եւ ուսուցիչները, կը համընկնէր պիւտճէի քննարկման նուիրուած Կառավարութեան 16-րդ նստաշրջանին:

Պետական ​​աշխատակիցներն ու ուսուցիչները Երկուշաբթի մասնակցեցան համընդհանուր գործադուլին, որ նախատեսուած էր Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հրաւէրով՝ պետական ​​դպրոցներու ուսուցիչներու եւ պետական ​​աշխատողներու մասնակցութեամբ:

Նապաթիյէի մէջ, աւելի քան 500 պետական աշխատողներ, պետական եւ մասնաւոր դպրոցներու ուսուցիչներ համաքուած էին Նատի ալ-Հուսէյնի կրօնական կեդրոնին դիմաց՝ հանրակառքերով մեկնելու Պէյրութ, որպէսզի իրենք եւս մասնակցին ցոյցին։

Գործադուլին միացան նաեւ հանրապետութեան շարք մը պետական եւ մասնաւոր դպրոցներ եւ քաղաքապետարաններ Հերմելէն, Մեթընէն ու Ալէյէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին