Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Մարդիկ Արգելափակած են ՀՀ Դատարաններուն Մուտքերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հետեւելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին՝ մարդիկ երէկ  առաւօտէն արգելափակած են դատարաններու շէնքերուն մուտքերը:

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ ժամը 8:30-էն արգելափակուած է, մասնաւորապէս, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Նոր Նորքի նստավայրին մուտքը: Այստեղ, յիշեցնենք, դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը Շաբաթ օր հրապարակեց իր որոշումը, որմով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ազատ արձակուեցաւ կալանքէն՝ անձնական երաշխաւորութեան դիմաց:

Քաղաքացիները փակած են դատարանի շէնքին բոլոր մուտքերը, այնտեղ նաեւ մեքենաներ կան կայանուած: Նպատակն է՝ չարտօնել դատաւորներուն եւ դատարանի աշխատակիցներուն մուտքը շէնք:

Ցուցարարներուն մէջ եղած է նաեւ Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանը, որուն գործունէութիւնը վարչապետի հրամանով կասեցուած է: Սանասարեան յայտարարած էր, որ ասիկա յեղափոխութեան հերթական փուլն է՝ ուղղուած դատական համակարգի առողջացման: Ան չի դիտարկեր ասիկա իբրեւ իշխանութեան թեւերու միջամտութիւն միմեանց գործունէութեան:

Այնտեղ է նաեւ Ազգային ժողովի իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Կոնջորեանը, որ յայտարարած է, թէ այնտեղ է իբրեւ պատգամաւոր, որ կ՝ուզէ ըլլալ իր ընտրողներուն կողքին, քանի որ ընտրուած է այդ ընտրատարածքէն:

Ցուցարարներուն մէջ էր նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խօսնակ Վահան Կոստանեանը: Ան նշած է, որ վարչապետի երեկուան ելոյթէն ետք քնարկում չէ եղած, թէ պիտի մասնակցի՞ն արդեօք բողոքի շարժման կուսակցութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք կը զբաղցնեն պետական պաշտօններ:

Քաղաքացիներուն թիւը դատարանի շէնքին դիմաց հետզհետէ աւելցած է օրուայ ընթացքին:: Ոստիկանութիւնը որեւէ կերպ չէ խոչընդոտած շարժման մասնակիցներուն գործողութիւնները, միայն փորձած կարգաւորել փոխադրամիջոցներուն երթեւեկութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին