Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Ատրպէյճանի Մէջ Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Սկսած են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մայիս 20-ին, Ատրպէյճանի մէջ սկսած են լայնածաւալ անմիջական-վարուելագիտական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին զօրքերու, զօրամիաւորումներու եւ ազգային բանակի միաւորումներու տարբեր տեսակներ:

Ըստ Tert.am-ի տեղեկութիւններուն՝ զօրավարժութիւնները կ՝իրականացուին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ղեկավարութեան ներքոյ:

Զօրավարժութիւններուն հիմնական թեման գիշերային ժամերուն հակառակորդի յարձակման հակադարձումն է՝ տարբեր ուղղութիւններով հակահարուածներ հասցնելով, գրոհի անցնելով:

Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի մինչեւ 10,000 զինծառայող, 150 միաւոր հրասայլ եւ այլ զրահամեքենայ, տարբեր տրամաչափի մինչեւ 200 հրթիռահրետանային համակարգ, համազարկային կրակի համակարգ եւ ականանետ, մինչեւ 35 ինքնաթիռ եւ ուղղաթիռ:

Զօրավարժութիւնները կը շարունակուին մինչեւ Մայիս 24:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին