Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ժոզէֆ Ֆուշէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ժոզէֆ Ֆուշէ, Օտրանտի առաջին դուքս  (21 Մայիս, 1759 Ֆրանսա)-(26 Դեկտեմբեր, 1820 Իտալիա)  Նափոլէոնեան դարաշրջանի ֆրանսացի քաղաքական եւ պետական գործիչ։

Ստացած է հոգեւոր կրթութիւն։ 1791 թուականին դարձած է Յակոբեան ակումբի անդամ (Նանթի մէջ)։ 1792 թուականին ընտրուած է Կոնուենտի անդամ, Քուէարկած է Լիւդովիկոս XVI-ի մահապատիժի օգտին։ Անօրինակ դաժանութեամբ ճնշած է հակայեղափոխական ելոյթները բաժանմունքներու մէջ՝ մահապատիժի ենթարկելով նաեւ անմեղները։

Եղած է Տերմիդորեան յեղաշրջման (1794) կազմակերպիչներէն ու ղեկավարներէն։ (1795—1799) ժամանակաշրջանին զբաղեցուցած է դիւանագիտական պաշտօններ, 1799-ին նշանակուած է ոստիկանութեան նախարար։ Աջակցած է զօրավար Պոնափարթին՝ իրականացնելու 9-10 Նոյեմբեր 1799 թուականի պետական յեղաշրջումը։ Լիւդովիկոս XVIII-ի վերադարձէն (1815) ետք նշանակուած է ոստիկանութեան նախաար, սակայն շուտով հեռացուած է պաշտօնէն։

«Արքայասպանները» Ֆրանսայէն արտաքսելու մասին 1816 թուականին ընդունուած հրամանի հրապարակումէն ետք մեկնած է Տրիեստ եւ ընդունած աւստրիական հպատակութիւն։

Ժոզէֆ Ֆուշէն այն եզակի գործիչներէն է, որ անոնց հետ մնալը վտանգաւոր է, իսկ առանց անոնց մնալը՝ ուղղակի սարսափելի։Նոյն այս պատճառով է, որ Նապոլեոնը Ֆուշէի հետ մնալէն նողկանք կ’ապրէր, իսկ առանց անոր իր անձի հանդէպ վտանգ կը զգար։ Մի քանի անգամ հեռացնելով Ոստիկանութեան նախարարի պաշտօնէն, Նափոլէոն այդպէս ալ վճռականութիւն չունեցաւ վերջնականապէս վտարելու Ֆուշէն։ Ֆուշէն յաջողցուց մնալ Կայսրութեան ոստիկանապետ միայն իր խելքի շնորհիւ։ Վերջապէս, Ստեֆան Ցուայգը տուած է Ֆուշէի հետեւեալ բնութագրումը. «թող զինք ծաղրեն, բայց միայն ենթարկուին ու վախնան իրմէ»։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին