Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ին՞չ Կ՛ընէ Յեղափոխական Առաջնորդը, Երբ Ուզածը Չի Ստանար. Թոմաս տէ Վաալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  «Երբ յեղափոխական առաջնորդը չի ստանար այն, ինչ կը ցանկայ, արդեօ՞ք ան կ՛երթայ մանրակրկիտ բարեփոխումներու ճանապարհով, թէ՞ կը վերսկսի յեղափոխութեան: Անհանգստացնող նշաններ, որ Փաշինեան Հայաստանի մէջ կ՛երթայ երկրորդ ուղիով»,-այս մասին թուիթըրի մէջ գրած է Կովկասի հարցերով փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալ` անդրադառնալով այսօր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ դատական համակարգին մէջ անհրաժեշտ են վիրահատական միջամտութիւններ:

Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան 8.30-էն քաղաքացիները արգելափակած էին Հայաստանի դատարաններու մուտքերը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յորդորով:

Այսօր ժամը 12-ին վարչապետը ուղիղ եթերով ելոյթ ունեցաւ դատաիրաւական  համակարգի վերաբերեալ ու կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն ժամը 13.30-էն բանալ բոլոր դատարաններուն մուտքերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին