«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկուշաբթի օր, Վարչապետի նստավայրին դիմաց իրականացուող ցոյցի մը ընթացքին, անվտանգութեան ուժերը դիմադրութեան հանդիպեցան խումբ մը ցուցարարներու կողմէ, որոնք դէմ էին առաջարկուող խստացուած միջոցներուն։ Լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ վիրաւորուեցաւ առնուազն մէկ ցուցարար։
Ցոյցը, որ հաւաքած էր պետական աշխատողներ, զինուորական վեթերաններ եւ ուսուցիչները, կը համընկնէր պիւտճէի քննարկման նուիրուած Կառավարութեան 16-րդ նստաշրջանին:
Պետական աշխատակիցներն ու ուսուցիչները Երկուշաբթի մասնակցեցան համընդհանուր գործադուլին, որ նախատեսուած էր Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հրաւէրով՝ պետական դպրոցներու ուսուցիչներու եւ պետական աշխատողներու մասնակցութեամբ:
Նապաթիյէի մէջ, աւելի քան 500 պետական աշխատողներ, պետական եւ մասնաւոր դպրոցներու ուսուցիչներ համաքուած էին Նատի ալ-Հուսէյնի կրօնական կեդրոնին դիմաց՝ հանրակառքերով մեկնելու Պէյրութ, որպէսզի իրենք եւս մասնակցին ցոյցին։
Գործադուլին միացան նաեւ հանրապետութեան շարք մը պետական եւ մասնաւոր դպրոցներ եւ քաղաքապետարաններ Հերմելէն, Մեթընէն ու Ալէյէն:






