Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պասիլ Պիւտճէի Քննարկման Վերաբերեալ Համբերութիւն Կը Մաղթէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ՝ Հիւսիսային Լիբանանի Քուրա շրջան այցելութեան ընթացքին՝ խօսելով 2019-ի պիւտճէի կրճատման վերաբերեալ քննարկման մասին, համբերութիւն մաղթեց։ Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։

«Պիւտճէի միջոցով բարեփոխման աշխատանքներ կը տանինք։ Մեր առաջարկած լուծումները խօսք չեն միայն, եւ նոյնիսկ եթէ ժամանակ առնէ՝ մենք պիտի ունենանք աւելի լաւ պիւտճէ»,- նշեց ան՝ ելոյթ ունենալով հեռատեսիլի MTV ալիքով։ 

Լիբանանի տնտեսութիւնը վերականգնելու համար Պասիլ ունի իր առաջարկները, որոնք կը քննարկուին պիւտճէի վերաբերեալ քննարկման զուգահեռ։ Այս մասին անցնող շաբաթ տեղեկացուց տեղեկատուական նախարար Ժամալ Ժարրահ։

Պասիլ նախապէս յայտնած էր, որ իր առաջարկները կեդրոնացած են հարկերու եւ մաքսային խուսափումներու հետ՝ յուսալով, որ անոնք պատասխանատւութեամբ պիտի ընկալուին։

Վարչապետ Սաատ Հարիրի, սակայն, Ուրբաթ օր զգուշացուց «քաղաքական սովորութեանց» դէմ, որոնք կը խափանեն կառավարութեան աշխատանքը, ակնյայտ կերպով հարուածելով Պասիլը, որ կը մեղադրուի «Ֆիուչըր» Շարժումը ներկայացնող երեսփոխաններու եւ այլ քաղաքական դէմքերու կողմէ՝ վարչապետի հեղինակութիւնը դրժելուն եւ պիւտճէի վաւերացումը ուշացնելուն մէջ։

«Անոնք կը մեղադրեն մեզ պիւտճէի հաստատումը ուշացնելու մէջ, որովհետեւ լաւ պիւտճէ մը կ՝ուզեն»,- ըսաւ Պասիլ Քուրա եղած ժամանակ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին