Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Վարչապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսական Առաջատար Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան շէնքէն ներս հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ գտնուող ռուսական առաջատար զանգուածային լրատուամիջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, հանդիպման, մասնակցած են «Իթառ Թաս», «Ռիա Նովսթի», «Ինթըրֆաքս», Lenta.ru լրատուական գործակալութիւններու, յայտնի թերթերու, ձայնասփիւռներու եւ «RT» հեռատեսիլի ընկերութեան լրագրողները:

Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը կարեւորեց անոնց այցը Հայաստան եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա կը նպաստէ Ռուսաստանի մէջ առաւել հանգամանալից եւ բազմակողմանի ներկայացնել   մեր երկրի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու փոփոխութիւնները: 

Վարչապետը պատասխանեց լրագրողները հետաքրքրող շարք մը հարցերու, որոնք կը վերաբերէին ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութեան, փտտածութեան դէմ պայքարին, արդարադատութեան, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան եւ այլ հարցերու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին