Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Պուրճ Համուտի Աղբակոյտը Աւելի Եւս Պիտի Բարձրանայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –

Պուրճ Համուտի աղբավայրի տարողութեան բարձրացումը հաւանական է Օգոստոսի սկիզբը, քանի որ կառավարութիւնը չյաջողեցաւ հաստատել ընդլայնման պաշտօնական նախագիծը:

Թուֆիք Քազմուզ, որ կը ղեկավարէ կապալառու «Խուրի  Կռուփ»ը, ըսաւ, որ աղբավայրին տարողութիւնը մինչեւ Օգոստոս վերջնակէտին պիտի հասնի:

Պաշտօնեաները, ներառեալ Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրէյսաթի, յայտարարեցին, որ տարածքի ընդլայնումը միակ միջոցն է թափօնները փողոցներէն հեռացնելու՝ կանխելով 2015-ի աղբանոցային ճգնաժամի նման սենարի իրավիճակը:

Ժրէյսաթի յայտնեց, թէ ինքը դէմ եղած է Պուրճ Համուտի աղբավայրի ընդլայնման, մինչեւ կառավարութիւնը մշակէ յատուկ ռազմավարութիւն կամ ծրագիր՝ թափօններու վերաբերեալ, որ իր հերթին կրնայ յաւելեալ ուշացումներու պատճառ դառնալ։

Քոսթա Պրաւայի աղբավայրին հետ միասին՝ Պուրճ Համուտի աղբավայրը 2015-ին հաշուարկուած էր իբրեւ աղբի ճգնաժամի ժամանակաւոր լուծում, որ տարիներէ ի վեր կ՝արժանանայ տեղացիներու բողոքին։

Պուրճ Համուտի աղբավայրի ստեղծման շուրջ չորս տարին բաւականաչափ ժամանակ է, որպէսզի իշխանութիւնը համապատասխան լուծում գտնէր աղբը վարելու համար, բայց երկիրը տակաւին կը շարունակէ մնալ առանց այդ խնդրի լուծման:

Մինչ կառավարութիւնը կը շարունակէ մնալ 2015-ի ճգնաժամի իր պատասխանին վրայ, Պուրճ Համուտի մէջ ոմանք մտահոգուած են, որ մեծ մասամբ 1975-90թթ Քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ ստեղծուած աղբավայրը, պիտի ունենայ անսահման ընդարձակման ճակատագիր:

«Ինչ ալ ուզեն ընել անոնք, բարձրացնեն կամ ընդլայնեն զայն, (գաղափարը) աղբը ծովու մէջ թափելն է: Ատիկա միեւնոյն մեծ սխալն է, ատիկա նոյն աղէտն է»,- յայտնեց Մեթնի պատգամաւոր Էլիաս Հանքաշ:

«Աղբի ճգնաժամէն երեք ու կէս տարի ետք՝ անոնք կրկին կ՝ըսեն. «Չկայ լուծում. մենք պէտք է ընդլայնենք աղբավայրը կամ բարձրացնենք մակարդակը: «Մեզի համար այդ բոլորը նոյնն են»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին