Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Պատերազմը խաղաղութի՞ւն

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-  Կը կարդամ Ճորճ Օրուէլի (George Orwell) “Nineteen Eighty-Four” գիրքը: Անգլիացի գրողը մահացած է 1949 թուին, սակայն իր այս վէպով ան կը նկարագրէ աշխարհի մէջ 1984 թուի պատահարներ, որոնք իր երեւակայութեան թափ տուած են, հիմնուելով իրեն ժամանակակից քաղաքական իրադարձութիւններու վրայ: Հեղինակին ապագայի տեսութիւնը սակայն կը յարմարի նաեւ այս օրերուն քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, որոնց ականատեսն ենք մենք այսօր:

Հեղինակը թիրախ առած է աշխարհի երեք հզօրագոյն զանգուածները՝ Արեւմտեան, Խորհրդային եւ Չինական աշխարհամասերը իրենց հետեւորդներով, ապշեցուցիչ հեռատեսութեամբ, որոնց զիրար ոչնչացնելու մարմաջը մինչեւ այսօր տակաւին վառ կը մնայ աշխարհի զանազան տարածքներու վրայ տարած իրենց բազմաբեղուն արշաւանքներով,  տեղւոյն ժողովուրդներու արեան գնով:

Այսօրուան առումով, այնքա՜ն հարազատ կը թուի հեղինակին 70 տարիներ առաջ գրած սոյն շղարշուած վէպը, քաղաքական պատահարները թաքցնելու տարօրինակ ճարտարութեամբ, որ իսկապէս, մեզ զարմանքի մէջ կը թողու իր քաղաքական հեռատեսութեամբ եւ գիտութեան առաւելութեամբ:

Ան շրջելով երկիրներու քաղաքական համակարգերը, կը նկարագրէ իր ապրած վայրը՝ Օշէանան, որպէս ամբողջատիրական (totalitarian) պետութիւն մը, որուն նշանաբանն է ՝ «պատերազմը խաղաղութիւն է», «ազատութիւնը՝ ստրկութիւն» եւ «տգիտութիւնը՝ զօրութիւն»: Սոյն համակարգը կը գործէ միայն 4 նախարարութիւններով որոնք են՝ «Սիրոյ»՝ ապահովութեան եւ օրէնքի գործադրման,  «Առատութեան»՝ տնտեսական կարգավիճակի ապահովութեան, «Ճշմարտութեան»՝ լրատուական, ուսումնական, հաղորդակցութեան, կոչունքի յանձնառութիւններով եւ «Խաղաղութեան»՝ պատերազմի յանձնառութեամբ նախարարութիւններով:

Նշուած նախարարութիւններու պաշտօնները խստիւ կը կայանան իրենց անուան ճիշդ հակառակ գործունէութեան վրայ, իրենց քաղաքացիներու բռնի տիրապետութեան, յարատեւ ճնշումներու ենթակայութեան, տնտեսական եւ ապրուստի զրկումներու վրայ:

Խօսքը՝ յստակօրէն ուղղուած է այն ժամանակի Խորհրդային Միութեան համակարգին, այն համոզումով որ՝ այլ պետութիւններ նման արարքներ չեն ըներ:

«Սիրոյ» նախարարութիւնը օրն ի բուն ի գործ դրած է լրտեսական ցանց մը, որուն պաշտօնն է ժողովուրդը լրտեսել մարդկային ուժով, ժողովրդային զանգուածներու պատրաստութեամբ եւ անոնց գործակցութեամբ, ռատիոներու եւ երկկողմանի հեռատեսիլի սարքերով (որոնց ականատես ենք այսօր՝ «սմարթ» կոչուած հեռակապի սարքերով եւ այլ ելեկտրոնային բազմազան նորութիւններով), զետեղուած քաղաքի որեւէ անկիւնի վրայ, ամէն մէկ տան սենեակի, փողոցներու եւ աշխատատեղիներու մէջ, որոնց միջոցաւ անոնք պիտի կարենան դիտել եւ հետեւիլ քաղաքացիին, որուն մէկ սխալ արտայայտութիւնը, մտածմունքը կամ արարքը անպայմանօրէն կ՚աւարտի անոր անհետացումով կամ մահով:

«Առատութեան» նախարարութիւնը զրկելով  ժողովուրդը իր առօրեայ անհրաժեշտ սնունդի միջոցներէն, կ՚օրօրէ զիրենք առատ ըմպելիի եւ արգանակի տեսականիներով, զանոնք պահելով տեւական պահանջքի եւ աղերսանքի մթնոլորտի մէջ:

«Խաղաղութեան» նախարարութիւնը զբաղած կը մնայ միշտ պատերազմներու ստեղծումով եւ հռետորական կոչունքներով, ժողովուրդը միշտ զբաղ պահելու համար:

«Ճշմարտութեան» նախարարութիւնը մշակուած յատուկ ծրագիրներով պետական ուսում կը ջամբէ ժողովուրդին, հլու եւ հնազանդ հպատակութեան պատրաստութեամբ՝ առանց ընդդիմութեան կամ ընդվզումի գաղափարախօսութեան: Իսկ իր «Ստեղծաբանական կամ առասպելական» բաժանմունքին միջոցաւ, պետական ծրագիրներու հակառակ հաղորդակցութիւնները կ՚ենթարկուին ճշդումի եւ պատիժի:

Այստեղ, հեղինակը յստակօրէն կ՚անդրադառնայ խորհրդային ժամանակաշրջանին, խորհրդային երկիրներու մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան, ներկայացնելով միայն յոռի տեսանկիւններ:

Այսօր, արդարեւ, անդրադառնալով աշխարհի ներկայ կացութեան, չե՞նք կրնար տեսնել յար եւ նման պարագաներ եւ պատահարներ մեր բոլորին ապրած երկիրներուն մէջ, ուր լրտեսութիւնը, տնտեսական դժուարութիւնները, պատերազմներու անխնայ հարուածը, երկիրներու եւ ժողովուրդներու կործանումն ու ջարդը: Չե՞նք կրնար տեսնել թէ՝ մեր բոլորին ձեռքերուն մէջ գտնուած այդ փոքրիկ գործիքները, որոնք կը կոչուին անմեղ հեռաձայններ, «Այ-փէտ»եր կամ համակարգիչներ,  գրաւած են մեր միտքն ու ուղեղը, ամլացնելով զայն, կործանելով ստեղծագործութիւն, ազատ մտածմունք, տրամաբանութիւն եւ հնարք: Իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ կ՚ամլանան միտք ու մտածմունք, երբ նորանոր սերունդներ կ՚առաջնորդուին այդ արուեստագիտական սարքերու ցուցմունքներով:

Անառարկելի, հլու, հնազանդ, հպատակութիւն եւ հետեւողականութիւն չէ՞ արդեօք: Կամ՝ կամաւոր ստրկութիւն:

Անգլիոյ կրտսեր իշխան Հենրին, երբ արտայայտութիւն մը ըրաւ այս ուղղութեամբ, անմիջապէս լռութեան դատապարտուեցաւ: Որովհետեւ… «անոնց գործին չի գար» այդպիսի յայտարարութիւններ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին