ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարիւր յիսուն տարի առաջ էր, Արեւմտեան Փոքր Ասիոյ հայաբնակ Կուտինա քաղաքին մէջ, որբուկ հայորդիի մը գեղաձայն սրինգէն սկսան հնչել յաւերժական մեղեդիներ. մեղեդիներ գեղջկական, հայրենի, որոնք պիտի դառնային հայ կեանքի եւ իմաստութեան ձայնը, իսկ այդ տնաւեր տղան՝ սրբացած վարդապետ մը: Ապա՝ լռութիւն: Գիւղերու եւ շէներու մէջ, մեր սարերու եւ ձորերու մէջ անկենդան լռութիւն: Բայց ապրեցաւ, մերժեց մահանալ, սրինգի այդ արծաթէ ձայնը: Եւ այդ հնչիւնը, հայկական հարազատ ոգիի համասփիւռ շշունջը 150 տարի թափառելէ ետք, 4 Մայիս, Շաբաթ գիշեր, Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ դարձաւ ջերմ համերգ, կենդանութիւն առաւ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի ճպոտին տակ ու աւելի քան հազար արուեստասէր հայորդիներու սիրտը սփոփեց: Այդ գիշեր Փասատինա քաղաքի հայկական գաղութը վայելեց տարուան ամէնէն փառահեղ համերգներէն մէկը:
Թէեւ Կոմիտաս վարդապետին նուիրուած խորագիր ունէր համերգը, սակայն, յայտագիրը ճոխացած էր 20-րդ դարու ամենայայտնի հայ երգահաններու գործերով: Այսպէս՝ երգացանկին մէջ ներառուած էին Կանաչեանի, Եկմալեանի, Ամիրխանեանի, Ալթունեանի, Խաչատուրեանի եւ Լուսիկեանի յօրինած կամ մշակած ստեղծագործութիւնները:
Համերգը երգչախումբի խմբավար Գայիանէ Պաղտասարեանի եւ նուագախումբի խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի գործակցութեան առաջին եւ բարձրարուեստ արդիւնքն էր: Ան գագաթնակէտ մըն էր նաեւ իր տասնամեակը տօնող Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Սայեաթ-Նովա» երգչախումբին:
Նախ լսեցինք ամբողջ տարի բծախնդրութեամբ կատարուած աշխատանքի առաջին ձայնը, որ մեղմ ալիքներով հասաւ ունկնդիրներուն: «Օրօր»ն էր ան, որ կը հնչէր «գաղութի սոխակ» Նաթալի Պէօճէքեանի ձայնով: Անոր կատարումը դարձաւ աւելի յուզիչ եւ խորհրդաւոր, երբ «Կրանտ Սթէյճ» պարի արհեստանոցի անդամները բեմի վրայ ստեղծեցին երգի կենդանի պատկերը: Ապա տողանցեց հայրենի լեռներուն եւ լեզուին, մեր ազգի անցեալին, երազներուն եւ տոհմիկ բոլոր սրբութիւններուն նուիրուած գոհարներու համադրութիւն մը, ներառեալ՝ Ռ. Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր»ը եւ Ռ. Ալթունեանի մշակած «Մարգարտաշար»ը, որ նաեւ առաջին մասի եզրափակիչ կատարումը պիտի ըլլար: Սիրուած ու անմահացած այդ երգերը, զոր մենք ակնածանքով կը յիշենք, այժմ կը հնչէին մեծ նուագախումբի ճազային ճաշակով ու արդիականացած:
Համերգին երկրորդ մասը փաստեց, թէ գեղարուեստական ամէն յայտագիր եւ ամէն ծրագիր իր հանդիսատեսի մասնակցութեամբ է որ կը յաջողի: Գեղեցիկ էր տեսնել, թէ բոլոր երգերու մէջ հպարտ էր ունկնդիրը, որքան հպարտ էր իր 10-ամեակը տօնող երգչախումբը: Ինքնաբուխ յոտնկայս ծափահարութիւններ եւ հնչող երգերու խանդավառ ձայնակցութիւն…: Ահա, համերգի իշխող պատկերը եւ սրահին մթնոլորտը: Այդ բարձր ոգեւորութեան մէջ անկասկած իր բաժինը ունէր Արամ Խաչատուրեանի պայծառ ստեղծագործութիւնը՝ «Գարուն Երեւան»: Երգը ստացաւ նաեւ յատուկ նշանակութիւն, երբ մեր մայրաքաղաքը կը տօնէ իր ծննդեան 2800-ամեակը:
Յայտագիրը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ հայրենասիրական ամենացայտուն երգերու համադրութիւն մը, շնորհիւ նուագախումբի ստեղծած բոմբիւնին, սկսաւ թնդացնելու ամբողջ համերգասրահը: Խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանն էր այդ վերջին մշակումը կատարողը, որ անուանուած էր «Հայրենասիրական»: Տասնեակ մը մեղեդիներ էին անոնք, որոնք ծնունդ առեր էին հայրենի հողի վրայ, դար մը առաջ, ու այս գիշեր, նոր տարազով եւ նոր գեղեցկութեամբ վառ կը հնչէին: Համերգը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» երգով, որ դարձաւ միասնական աղօթքի ջերմեռանդ մրմունջ:
Երբ Միքայէլ Աւետիսեանը, Գայիանէ Պաղտասարեանը, երգչախումբի եւ նուագախումբի անդամները կը խոնարհէին ունկնդիրներու առջեւ, վերջիններն ալ կը խոնարհէին այս բացառիկ եւ նախանձախնդիր աշխատանքին առջեւ: Խմբավարին եւ կազմակերպող յանձնախումբին միամեայ ուշադրութիւնը եւ ներդրումը նախանձելի հանգրուանի հասցուցած էր «Սայեաթ-Նովա» երգչախումբը: Այդ վերելքով նաեւ ներշնչուեցաւ հանդիսատեսը: Բոլորը պատճառ ունէին նորը ակնկալելու՝ 2020-ին: Ու, ինչպէս միջնարարի իր ուղերձին մէջ ըսաւ երգչախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Հարպոյեանը՝ այդ գիշեր «աւելի հայացան» ներկաները: Իսկ հետեւեալն էր առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. Վարդապետ Տօնոյեանի պատգամը. «Մահը վախճան չէ, այլ՝ սկիզբ»:
150 տարի առաջ, ծիրանի երերուն մէկ ճիւղէն ձայն էր առած հայկական ոգին: Իսկ այս համերգը ապացուցանեց, թէ այդ ոգին կենսունակ է իր հին աւիշով եւ ամրակուռ է: Աւարտին, Կոմիտասին եւ յաւերժութեան արժանացած բոլոր նահատակներուն պատգամը մնաց բոլորին սրտին մէջ, թէ՝ մահը վախճան չէ, այլ սկիզբ եւ հայ երգն է՝ յաւերժի կանչը: