ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ԿԱՐԴԱԼ – Աչքերու կարթով տառ ու բառ որսալ։
ՀԱՐՍՏԱՆԱԼ – Դրամի հետը խնամի դառնալ։
ԼԱԼ – Աղի արցունքի ծորակներ բանալ։
ՔՆԱՆԱԼ – Շնչող ու շարժող արձան մը դառնալ։
ԿՇՏԱՆԱԼ – Ուժասպառ մարմնոյն քիչ մը քարիւղ տալ։
ՄՈՒՐԱԼ – Ճակատի մուրը հանրութեան ցոյց տալ։
ՍՊԱՌՆԱԼ – Խօսքի մտրակով ազդարարական տալ։
ՍՆԱՊԱՐԾԵՆԱԼ – Փցուն իր եսին դափնեպսակ տալ։
ԶԱՐԳԱՆԱԼ – Մտքի դաշտին մէջ ակօսներ բանալ։
ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼ – Երկու կէսերով մէկ մարմին դառնալ։
ՄԵԿՈՒՍԱՆԱԼ – Մարդկային ծովու մէջ կղզիանալ։
ԳԻՆՈՎՆԱԼ – Գինիի պզտիկ տակառ մը դառնալ։
ԶԱՅՐԱՆԱԼ – Ներսով ու դուրսով ՝այրիլ ու եռալ։
ԾԵՐԱՆԱԼ – Երեք ոտքերով սկսիլ ման գալ։
ՄԱՀԱՆԱԼ – Մայր Հողի հետը վերամիանալ։
ՕՏԱՐԱՆԱԼ – Օ թիւի նման զէրօ մը դառնալ։
ԱՊԱՇԽԱՐԵԼ – Աշխարհի հետը հաշիւը փակել։
ԱՂՕԹԵԼ – Աստուծոյ խօսուն նամակ մը յղել։
ԵՐԿՐՊԱԳԵԼ – Երկնքի հաշուոյն երկիրը պագել։
ԺԱՌԱՆԳԵԼ – Ժանգ կապած գանձեր սնտուկէն հանել։
ԽԱՆԴԱՎԱՌԵԼ – Սիրտ ջերմացնող խարոյկներ վառել։
ԲԱԺԱԿԱՃԱՌԵԼ – Խօսելու համար ճառեր, խմիչքի բաժակ ճարել
ՄՏԱԾԵԼ – Խելքի հաւնոցներուն մէջ, մտքի հաւկիթներ ածել։
ԽԱՅՏԱՌԱԿԵԼ – Ապերախտ մարդոց մասին սրախայթ առակ գրել։
ԿԱՇԱՌԵԼ – «Մարդ» բառը շրջելով «դրամ»ի վերածել։
ԱՃԱՊԱՐԵԼ – Ժամանակին հետ վազելով պարել։
ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ – Խօսքի վրձինով նկարներ գծել։
ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ – Կարճուկ ոտքերու տակ բարձեր դնել։
ՈՂՋԱԳՈՒՐԵԼ – Անձի մը ողջ ըլլալը գրկելով փաստել։
ՊԱՏԳԱՄԵԼ – Հեղինակազդու խօսքեր, պատերու վրայ գամել։
ԱԶԱՏԵԼ – Ստրուկ եւ Տէր իրարմէ զատել։
ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ – Յուսահատութեան մազերը խուզել։
ՀԱՄԲԵՐԵԼ – Տհաճ կացութեան քիչ մը համ բերել։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼ – Մտքի թռչունին ազատ շրջելու վիզա շնորհել։
ԲԱՄԲԱՍԵԼ – Լեզուի ակռայով մարդու միս ծամել։
ՆԱԽԱՆՁԻԼ – Այլոց վերելքը տեսնելով խանձիլ։
ՊԱՅՔԱՐԻԼ –
Հայ Դատի համար զինուորագրուիլ,
Անարդարութեան ընդդէմ մարտնչիլ,
Սասունցի Դաւթի զրահներն հագուիլ
Եւ մինչեւ Վան, Մուշ ու Սասուն հասնիլ։
ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ






