ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱԲՂ. ՇԱՐՈՅԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, այսօր կը յիշատակենք Երեւման խաչի տօնը։ Հայ Առաքելական եկեղեցիէն ներս, Յիսուսի խաչափայտին նուիրուած գլխաւոր չորս մեծագոյն տօներ ունինք։ Այդ տօները տարուան ընթացքին, չորս անգամ կը յիշատակենք մեր եկեղեցիներէն ներս։
Խաչի տօները, բնականաբար անմիջականօրէն կապ ունին մեր քրիստոնէական բարոյայկան հաւատքին հետ։ Այդ տօները, իւրաքանչիւրը առանձնաբար, լի են իրենց յատուկ խորհուրդով ու պատգամով։ Իւրաքանչիւրը առանձնաբար օրուան խորհուրդին ընդմէջէն կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ մենք որպէս Քրիստոնեաներ պէտք է հպարտ եւ ապահով գզանք այս անապահով կեանքին մէջ՝ Քրիտոսի խաչը ունենալով որպէս ապաւէն ու պաշտպան եւ ինչպէս շարականագիրը պիտի ըսէր՝ «սա է զէն յաղթութեան հաւատացելոց ախոյեան եւ կնիք յաղթող ընդդէմ թշնամւոյն»։
Վերը անդրադարձանք թէ Խաչի Տօները Հայոց եկեղեցիէն ներս, չորս տարբեր առիթներով եւ տարբեր շքեղութեամբ կը նշուին. այժմ հակիրճ ձեւով պիտի անդրադառնանք իւրաքանչիւրին մասին առանձնաբար, նշելով անոնց մօտաւոր յիշատակումը Հայ եկեղեցիէն ներս։
Ա.- Խաչվերաց կը կոչուի նաեւ Մեծ Խաչ։ Այս տօնը Հայերուն, Յոյներուն եւ Հռովմէացիներուն Յայսմաւուրքներուն մէջ ներկայ է, այդ մէկը բոլորին կողմէ մեծ շուքով կը յիշատակուի Սեպտեմբեր 14-ին։
Բ.- Գիւտ Խաչ։ Այսինքն՝ Ս. Խաչափայտին Գիւտը Կոստանդիանոսի մօր՝ Հեղինէի ձեռքով։ Այս տօնը փոխադրուած է Խաչվերացի եօթներորդ կիրակիին։
Գ.- Երեւման Խաչ։ 351-ին երբ Կիւրեղ Եպիսկոպոս Երուսաղէմի Պատրիարք էր, Հոգեգալստեան տօնի կանուխ առաւօտուն, լուսաւոր խաչ մը արեւի նման շողարձակ՝ կը կանգնի երկինքը Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ։ Լուսաճաճանչումը կը տեւէ ժամեր եւ Երուսաղէմի ժողովուրդը ամբողջական հիացումով կը դիտէ այն, որ կը խափանէր նոյնիսկ արեգակին լոյսը։ Այս հրաշալի երեւոյթը, որ անմոռանալի եւ աննախադէպ էր, կը դառնայ յիշատակութեան արժանի տօն հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն կողմէ:
Արդարեւ, սուրբ լուսեղէն խաչը երեւցաւ Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմի Հայրապետին՝ Գողգոթայ լերան վրայ, ինչպէս որ ան գրած էր Կոստանդիանոսի որդիին՝ Կոստանդինին։ Այս մէկը կը տօնուի Յինանց «Զատկին յաջորդող» հինգերորդ կիրակին։
Դ.- Վարագայ Խաչ։ Այս տօնը հրաշալի երեւումն է Հռիփսիմեանց խաչափայտին՝ Վարագ լերան վրայ, 653-ին։ Նաեւ այստեղ կ’արժէ յիշել թէ այս տօնը մեզի սեփական է։ Ըստ աւանդութեան, երբ Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայիանէ Հայաստան եկան, իրենց հետ ունէին Ս. Խաչէն կտոր մը։ Հալածանքներու ժամանակ Ս. Խաչը տարին եւ պահեցին գաղտնի քարի մը տակ։
Դարեր յետոյ, Թոթիկ միայնակեացի եւ Ս. Ներսէս Շինողի օրով, Վարագ լեռը յանկարծ լուսաւորուեցաւ, եւ լուսափայլ խաչը թռչելով՝ գնաց տեղաւորուեցաւ եկեղեցիին խորանին վրայ, եւ եկեղեցին լեցուեցաւ լոյսով եւ անուշահոտութեամբ։ Լոյսը մնաց մինչեւ իրիկուն եւ ապա շիջեցաւ։
Հոն ժամանեցին Ներսէս կաթողիկոսը եւ Վարդ Պապիկը եւ հաստատեցին Վարագի խաչին տօնը, որ այնուհետեւ տարուէ տարի կատարուեցաւ։
Ակնարկ խաչի խորհուրդին մասին
Ինչպէս բոլորս ալ գիտենք խաչը այն մահապատիժն էր, որ կ’ենթարկուէին անոր մարդասպաններն ու ոճրագործերը։ Սակայն այս բոլորը նկատի ունենալով, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մարդո՛ւն սիրոյն յանձն առաւ ճաշակել խաչի մահը, որպէսզի մարդ նոյն այդ խաչի մահով յաւիտենական կեանք ունենայ։
Քրիստոսի մահէն ետք, խաչը ստացաւ իր քրիստոնէական բնոյթը՝ հիմնուելով գլխաւոր մի քանի մտածումներու վրայ։
Ա.- Խաչին մահը Քրիստոսով դադրեցաւ անարգալից մահ ըլլալէ, այլ դարձաւ Քրիստոսը խորհրդանշող ճշմարիտ ու կենսատու ճամբան։
Բ.- Խաչը եւ խաչին նշանը դադրեցան անմարդկային գործիք ու նշան ըլլալէ, այլ դարձան երազանքը այն սուրբերուն որոնք փափաքեցան Քրիստոսի միանալ եւ ամբողջութեամբ Իրեն նուիրուիլ։
Գ.- Խաչը դադրեցաւ անմարդկային արարքներու պատիժ յատուցող գործիք ըլլալէ, այլ Քրիստոսի մահով խաչը եղաւ այն զէնքը, որ մեզ կ’ազատէ ու կը պաշտպանէ չարէն ու անկէ դուրս եկած բոլոր չար խորհուրդներէն։
Դ.- Նախապէս՝ խաչը իր փայտերը երկարած կը շալկէր մարդոց անօրէնութիւններն ու անկարգութիւնները, իսկ Քրիստոսով այսօր իր փայտերը տարածած օրհնութեան աղբիւր դարձաւ բոլոր անոնց, որոնք կ’ապաւինին խաչին ու խաչեալին։
Ե.- Վերջապէս խաչը դարձաւ պարծանք քրիստոնեաներուս, անոր համար ալ մենք որպէս քրիստոնեաներ մեր վիզերէն խաչ կը կրենք, պաշտպանուելու եւ ցոյց տալու աշխարհին, թէ մենք Քրիստոսի կը պատկանինք եւ հպարտ ենք Քրիստոսի խաչը մեզի հետ ունենալով: Ինչպէս Պօղոս առաքեալ խաչին մեծութիւնը շեշտելով պիտի ըսէր «Գալով ինծի քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» (Գղ.6։14)։
Հայ Առաքելական եկեղեցիէն ներս խաչին մեծ կարեւորութիւն, յարգանքն ու սէր կ’ընծայուի, որովհետեւ ան սերտօրէն առնչութիւն ունի Քրիստոսի կեանքին հետ։ Խաչի տօնը փրկագործութիւնը կը խորհրդանշէ եւ այդ փրկագործութեան ընդմէջէն՝ յաւիտենական կեանքը, որ մարդ արարած որպէս մեծագոյն նուէր ստացաւ Արարիչին կողմէ։
Պահ մը եթէ մտածենք, Քրիստոս եթէ աշխարհ չգար եւ չխաչուէր, խաչը պիտի մնար այն մահուան գործիքը որ էր նախապէս. եւ պիտի չստանար կեանքի ու յոյսի բնոյթը, որ ստացաւ Քրիստոսի խաչ բարձրանալով։
Այսօր այս երեւման Սուրբ խաչի տօնին ընդմէջէն հետեւեալ խորհուրդն ու յիշեցումները կը փոխանցուին իւրաքանչիւր քրիստոնեայի։
Ա.- Եթէ իսկապէս խաչն ու խաչեալը կը կրենք մեր վրայ, ո՛չ որպէս լոկ զարդ, այդ մէկը մեզ պիտի գօտեպնդէ յիշելով Քրիստոսի խօսքը թէ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» (Ղկ.9։23)։
Բ.- Խաչակնքելով՝ խաչը մեր մէջ եւս կ’երեւի եւ կը հեռացնէ ամէն խաւար, եւ Քրիստոսի սիրոյ կրակը կ’աճեցնէ մեր հոգիներէն ներս։
Ուրեմն, որպէս Քրիստոսի պատկանող ժողովուրդ, կոչուած ենք մեր հայեացքը վեր բարձրացնելու, տեսնելու համար խաչը՝ այն խաչը որ այսօր այս երեւման տօնին ընդմէջէն յայտնուեցաւ եւ պիտի շարունակէ յայտնուիլ։ Ինչպէս ասկէ 1700 տերիներ առաջ խաչին երեւումով լուսաւորուեցաւ երկինքը Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ, այսօր եւս բանանք մեր հոգիի աչքերը՝ դիտելու խաչէն դուրս եկած այն լոյսը, որ պիտի լուսաւորէ հայ ժողովուրդին կեանքը. մեզի զօրավիգ կանգնելով այս դժուարին եւ խախուտ պայմաններուն մէջ…։