«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շուրջ հարիւր սատկած շնաձուկեր յայտնուած են Քարմարթենշիրի կոմսութեան Պարի-Բորդ վալիական քաղաքի ափին: Տեղի ունեցածի տեսանիւթին ուշադրութիւն դարձուցած է տեղական Media Wales հրատարակութիւնը, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:
Ականատեսը հոլովակ հրապարակած է Facebook-ի իր Էջին մէջ եւ նշած, որ գիշատիչներու մօտաւորապէս հարիւր լէշ հաշուած է: «Ինչ տխուր տեսարան Է,- գրած Է կինը:- Պահ մը ես դադրեցայ հաշուել զանոնք, քանի որ իւրաքանչիւր նոր ալիք աւելի շատ լէշ կը բերէր»:
Ծովային ֆաունայի պահպանութեան ընկերութեան ներկայացուցիչը կը կարծԷ, որ տեսանիւթի մէջ պատկերուած Է եւրոպական գունիա շնաձուկը: Անոր խօսքով՝ այդ տեսակը առաւել տարածուածն Է Ուելսի առափնեայ ջուրերու մէջ: Ծովային գիշատիչներու մեծամասնութիւնը լողաթեւեր չունէր: Ըստ հրատարակութեան տեղեկատւութեան, որսագողերը յաճախ շնաձուկեր կ’որսան, կը կտրեն անոնց լողաթեւերը եւ ազատ կը ձգեն: Վիրաւոր ձուկը, լողալու ուժ չունենալով, կ’ընկղմի ջուրի տակ եւ ծովու խորքերուն մէջ կեր կը դառնայ միւս կենդանիներուն համար:
Լողաթեւերը կ’օգտագործուին շնաձուկով ապուրներ պատրաստելու համար կամ կը վաճառուին չինական շուկային, ուր անոնցմէ բժշկական պատրաստուկներ կը ստանան: Նման գործողութիւններու հետեւանքով տարեկան մօտաւորապէս հարիւր միլիոն շնաձուկ կը սատկի:






