Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը Պիւտճէի Յաջորդ Նիստը Կը Վերսկսի Ուրբաթ Օր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կառավարութիւնը Չորեքշաբթի աւարտեց պիւտճէի նախագիծի քննարկման նուիրուած իր 13-րդ նիստը՝ Ուրբաթ կէսօրին վերսկսելու որոշումով. Նախարարները պարտաւոր են հաստատելու եւ Խորհրդարան ուղարկելու զայն: Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։

«Ելեւմտական նախարարը Ուրբաթ օր պիտի ներկայացնէ պիւտճէի թիւերուն վերաբերեալ վերջնական զեկոյցը: Այսօր ներկայացուած են առաջարկներ, որոնցմէ քանի մը հատը հաւանութեան արժանացան»,- նիստի աւարտէն ետք ըսած է տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ:

Պիւտճէի վերաբերեալ բանակցութիւններուն աւարտէն ետք, Կառավարութիւնը, հաւանական է, որ Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունենայ նախագահ Միշէլ Աունի հետ` նախագիծի հաստատման եւ խորհրդարան ուղարկելու վերջնական վերանայման ու վաւերացման համար:

Յիշեցնենք, որ պիւտճէի վերաբերեալ բանակցութիւններուն ընթացքին Կառավարութիւնը կը ձգտի կրճատել պետական ​​ծախսերը եւ հասնիլ եկամուտներուն՝ կրճատելու համար պակասուրդը. բան մը, որ միջազգային նուիրատուներուն հիմնական պահանջն է: Մինչ օրս Կառավարութիւնը հաստատած է դրամատնային աւանդներու տոկոսադրոյքներու 7-10 տոկոս հարկի բարձրացում երեք տարուան համար: Ան նաեւ որոշած է 20 տոկոսի ֆինանսաւորումը կրճատել բոլոր նախարարութիւններուն համար, իբրեւ խնայողութեան մաս, որուն շնորհիւ փորձ կը կատարուի կրճատելու պակասուրդը համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 8 տոկոսի դիմաց, անցեալ տարուան 11 տոկոսէն աւելին: Անցեալ տարուան պակասուրդը գնահատուած է $ 6.7 միլիառ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին