Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

«Արթուրը Կնքուած է եւ Հայկական Եկեղեցի կը Յաճախէ». Պոլսաբնակ Հայ Տղայի Մօր Պարզաբանումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Օրերս հայկական եւ թրքական լրատուական ու հասարակական տիրոյթէ ներս մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ 13-ամեայ հայ տղայի՝ ուղիղ եթերով «իսլամ ընդունելու» միջադէպը:

Մայիս 11-ին, Պոլիս բնակող 13-ամեայ Արթուրը մասնակցած է թուրք աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման, ուր յայտնած է, որ կ՝ուզէ մահմետականութիւն ընդունիլ: Հաղորդավարը պնդած է, որ իրենք կապ հաստատած են Արթուրի մօր եւ խորթ հօր հետ եւ ստացած անոնց համաձայնութիւնը՝ երեխայի կրօնափոխութեան հարցով:

Միջադէպին մանրամասները ճշտելու համար՝ «Ermenihaber.am»-ը կապ հաստատած է Արթուրի մօր՝ Ալինա Ենգիբարեանի հետ: Վերջինս հերքած է որդիին կրօնափոխ ըլլալու հանգամանքը՝ ըսելով. «Արթուրը կնքուած է. Կը յաճախէ հայկական եկեղեցի»:

Անչափահասին մայրը նաեւ աւելցուցած է, որ ինքը իրականութեան մէջ տեղեակ չէ եղած, թէ ինչ հաղորդման կը մասնակցի որդին։

«Ես իմացած եմ, որ Արթուրը ներկայ պիտի գտնուի հաղորդման մը, բայց չեմ պատկերացուցած, որ ան բեմ պիտի բարձրանայ եւ այդպիսի բան տեղի պիտի ունենայ: Եթէ ես տեղեակ ըլլայի եւ իմ համաձայնութիւնը ըլլար, ես ալ այնտեղ պիտի ըլլայի»,- ըսած է Ալինա Ենգիբարեան:

Ալինան նաեւ նշած է, որ իրեն հեռաձայնած են հաղորդումէն, բայց ինքն ալ չէ հասկցած թէ ինչ հաղորդում է եւ ինչի մասին է խօսքը:
Ան շեշտած է, որ երեխան գիտակցուած չէ գործած, զուտ երեխայական հետաքրքրասիրութիւն եղած է:
«Իմ երեխան չէ հասկցած, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Հետաքրքրութենէ դրդուած իր ընկերոջ հետ գացած է այդ հաղորդման, միամտութիւն ըրած է: Ան ինծի կ՝ըսէ. «Մամ տեսար, մեզի հեռուստացոյցով ցոյց տուին, մենք յայտնի դարձանք: Ես անոր կը բացատրեմ, որ իր միամիտ քայլին պատճառով մենք վատ վիճակի մէջ յայտնուած ենք: Ան դեռ երեխայ է, չի հասկնար»:

Կինը նաեւ հերքած է, որ Արթուրը խորթ հայր ունի՝ շեշտելով, որ խօսքը ընտանիքի՝ թուրք ծանօթի մասին է, որուն հեռախօսահամարը գտած են Արթուրի հեռաձայնին մէջ եւ զանգահարած են՝ արտօնութիւն ստանալու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին