Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Սգակիրները Պքերքէի Մէջ Աղօթեցին Վախճանած Պատրիարքին Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մարոնի նախկին պատրիարք քարտինալ Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի դագաղը Չորեքշաբթի տարուած է Պքերքէ, ուր մինչեւ ուշ գիշեր հաւաքուած են սգակիրներ՝ աղօթելու անոր հոգիին համար:

Հարիւրաւոր մարդիկ, Չորեքշաբթի առաւօտեան, հաւաքուած էին Աշրաֆիէի «Հոթէլ Տիօ» հիւանդանոցին մօտ, ուրկէ Պատրիարքին մարմինը կը տեղափոխէին Պքերքէ։ Ամբողջ ճանապարհին երկրի դրօշները խոնարհուած էին իբրեւ յարգանք վախճանած պատրիարքին։

Խոնարհուած էին նաեւ նախագահի նստավայրի՝ Պաապտայի դրօշները։

«Սֆէյր պատրիարքի վախճանումը մեծ կորուստ է բոլոր լիբանանցիներուն համար, քանի որ ան Լիբանանի պատմութիւնը գրեց ոսկէ տառերով եւ ազատութեան, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան ճանապարհին»,- Պքերքէի մէջ ըսած է տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ:

Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ այսօր, կ.ե. ժամը 5։00.ին, մարոնիներու եկեղեցւոյ նստավայրին մէջ, Պքերքէ:

Նշենք, որ Վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը Մայիս 15-ը եւ 16-ը յայտարարած էր սուգի օրեր՝ իբրեւ յարգանք Սֆէյր պատրիարքի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին