«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կառավարութիւնը Չորեքշաբթի աւարտեց պիւտճէի նախագիծի քննարկման նուիրուած իր 13-րդ նիստը՝ Ուրբաթ կէսօրին վերսկսելու որոշումով. Նախարարները պարտաւոր են հաստատելու եւ Խորհրդարան ուղարկելու զայն: Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
«Ելեւմտական նախարարը Ուրբաթ օր պիտի ներկայացնէ պիւտճէի թիւերուն վերաբերեալ վերջնական զեկոյցը: Այսօր ներկայացուած են առաջարկներ, որոնցմէ քանի մը հատը հաւանութեան արժանացան»,- նիստի աւարտէն ետք ըսած է տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ:
Պիւտճէի վերաբերեալ բանակցութիւններուն աւարտէն ետք, Կառավարութիւնը, հաւանական է, որ Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունենայ նախագահ Միշէլ Աունի հետ` նախագիծի հաստատման եւ խորհրդարան ուղարկելու վերջնական վերանայման ու վաւերացման համար:
Յիշեցնենք, որ պիւտճէի վերաբերեալ բանակցութիւններուն ընթացքին Կառավարութիւնը կը ձգտի կրճատել պետական ծախսերը եւ հասնիլ եկամուտներուն՝ կրճատելու համար պակասուրդը. բան մը, որ միջազգային նուիրատուներուն հիմնական պահանջն է: Մինչ օրս Կառավարութիւնը հաստատած է դրամատնային աւանդներու տոկոսադրոյքներու 7-10 տոկոս հարկի բարձրացում երեք տարուան համար: Ան նաեւ որոշած է 20 տոկոսի ֆինանսաւորումը կրճատել բոլոր նախարարութիւններուն համար, իբրեւ խնայողութեան մաս, որուն շնորհիւ փորձ կը կատարուի կրճատելու պակասուրդը համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 8 տոկոսի դիմաց, անցեալ տարուան 11 տոկոսէն աւելին: Անցեալ տարուան պակասուրդը գնահատուած է $ 6.7 միլիառ:






