Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Տը Կըրլ Ֆրամ Իփանեմա» – Անթոնիա Գարլոս Ժոպիմ ( «The Girl from Ipanema» Antonio Carlos Jobim) (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի Մը Պատմութիւնը – 17 –

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

«Իւրաքանչիւր կին, զոր ունենալ չեմ կրնար, կը դառնայ երգ ․․․․»

Ակ Ժոպիմ 

60-ականներու  կէսերուն երաժշտական աշխարհը գրաւեց նոր  երաժշտական ուղղութիւն, որ իր վրայ սեւեռեց երաժշտասէրներու եւ երաժշտական աշխարհի ուշադրութիւնը։ Այդ ուղղութիւնն էր բոսանովան , որ  ծնունդ առաւ  երկու՝ առաջին հայեացքէն իրարմէ շատ տարբեր ժանրերու միախառնումէն՝ ամերիկեան քուլ-ճազ (թեթեւ ճազ) եւ կրքոտ ռիթմերով լատինաամերիկեան սամպա։ Իբրեւ արդիւնք ծնունդ առաւ  ամենավառ եւ ամենայայտնի պոսանովա երգերէն մէկը՝ «Աղջիկն Իբանեմայէն»։ Հաշուած ամիսներու ընթացքին երգը յայտնի դարձուց բոսանովա ոճը, Իբանեմա հանգստավայրը  եւ երգի հեղինակները, նոյնիսկ՝ Էլօ Պայես Պինտան, որ հանդիսացած էր երգի  ներշնչանքն ու կերպարը։

            Երգի հեղինակ Անթոնիօ Ժոպիմը յաճախ ընկերներու եւ համահեղինակներու հետ ժամանակ կ’անցնէր Իփանեմայի  (Ռիօ տէ Ժանէյրոյի հարաւին գտնուող   հանգստավայր)  «Վելոզու» սրճարանի մէջ, որուն մօտէն ամէն առաւօտ աղջիկ մը կ’երթար, կու գար։ Այդ աղջիկը 18-ամեայ Էլոիզա Փայես Փինտան էր, որ կ’ապրէր սրճարանի հարեւանութեամբ եւ ամէն օր անոր մօտէն կ’անցնէր   լողափ երթալու ժամանակ։ Աղջիկը այնքան շքեղ էր, որ  շատ յաճախ անոր տեսքով հիացողները չէին զսպեր իրենց հիացական բացականչութիւնները։ Կեանքի մեծ մասը ապրած Անթոնիոն սիրահարուած էր կրքոտ գեղեցկուհիին։ Օր մը, երբ հերթական օրերէն մէկն էր, երբ Էլոն կ’անցնէր փողոցէն, Անթոնիոն սրճարանը նստած էր իր ընկեր  Վինիուս տէ Մորայիսի հետ, որ բանաստեղծ էր։ Երբ աղջիկը անոնց տեսադաշտի մէջ էր, Անթոնիոն հարցուց․ «Ան բոլորէն գեղեցիկ է, այնպէս չէ՞»։  Պատասխանը եղաւ՝ «ան ամենանրբագեղ աղջին է, որուն հանդիպած եմ»։  Այս հիցական կիսաբացականչական արտայայտութիւնները դարձան ապագայ երգի առաջին գրուած տողերը։ Մորայիսը արագ  քանի մը տող խզմզեց անձեռոցիկի վրայ, անիկա ալ դարձաւ երգի թեքստի հիմքը ։ 

            Երգը ի սկզբանէ կը կոչուէր «Անցնող աղջիկը» եւ գրուած էր որպէս «Տիրիժապլ» ֆիլմի սաունտթրէք։ Յետագային բառերու մէջ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ մռայլ  ու տխուր տողերը փոխարինուեցան, իսկ երգը անուանափոխուեցաւ  եւ կոչուեցաւ «Աղջիկը իբանեմայէն»։

            Երգի առաջին կատարողն էր պրազիլացի երգիչ Փերի Ռիպէյրուն։ Բայց երգին համաշխարհային ճանաչում բերաւ երգի անգլերէն տարբերակը, որը կատարեց  Աստրուդ Ժիլպերդօն, որ երգչուհի չէր եւ չունէր մշակուած ձայն, բայց հեղինակները կը գտնէին, որ բոսանովա ժանրի համար պէտք է նմանատիպ երգ՝ չմշակուած, մեղմ երգեցողութիւն, որ ականջ կը շոյում։

            Երգի անգլերէն տարբերակը թողարկուեցաւ 1963 թուականին «Կէթս էնտ Կիլպերթօ» ալպոմի մէջ, իսկ յաջորդ տարի՝ որպէս  միայնակ երգի  սկաւառակ եւ անմիջապէս գրաւեց երաժշտական շուկան, դառնալով հիթ։ Երգը ստացաւ Կրեմմի մրցանակ որպէս տարուայ լաւագոյն ձայնագրութիւն եւ ամերիկեան ազգային հիթ-շքերթի մէջ զբաղեցուց 5-րդ հորիզոնականը, իրմէ առաջ զիջելով միայն Բիթլզ խումբի 4 երգերուն։ Ի դէպ երգը աշխարհի ամենաշատ վերաերգուած երգերէն մէկն է, գրեթէ մրցանակակիր։ Միայն մէկ երգ կը գերազանցէ անոր վերաերգուած կատարումներու թիւը ՝ Բիթլզ խումբի «Yesterday» երգը։

            Երգի մուսսան՝ Էլոիզան երգի յայտնի դառնալէն եւ հսկայական հոնորարներ վաստակելէն ետք որեւէ վարձատրութիւն չստացաւ։  Տարիներ անց ան հագուստի խանութ բացաւ եւ զայն անուանեց այն «Աղջիկն Իբանեմայէն», որուն համար Ժոպիմի իրաւայաջորդ ժառանգորդները զինք դատի տուին։ Դատաւորը, սակայն, դատը լուծեց  յօգուտ էլոյի։

            Երգի հետ կապուած մի քանի հետաքրքրական փաստ կայ․

Ժոպիմը տարիներ անց ամուսնութեան առաջարկ ըրաւ Էլոյին։ Աղջիկը մերժեց զինք 18 տարի տարիքային տարբերութեան պատճառով։

Երգը մտած է Ամերիկայի Քոնկրէսի գրադարանի ձայնադարանի 50 երգերու շարքի մէջ։

Իբանեմայի այդ սրճարանը տարիներ յետոյ վերանուանուեցաւ «Աղջիկն Իբանեմայէն», փողոցը, որուն վրայ կը գտնուէր սրճարանը՝ Մորայիսի անունով, իսկ քաղաքային օդակայանը՝ Ժոպիմի անունով։

Երգը, անշուշտ, կը պատկանի այն երգերու շարքին, որ անմիջապէս կը սիրուի եւ կը ստիպէ լսել զայն կրկին ու կրկին։ Անոր պատճառները շատ են․ գուցէ պրազիլական կրքոտ ռիթմերը, կամ կատարաման մեղմութիւնը, գուցէ եւ նկարագրուող գեղեցկուհիի պատկերը․․․ Յստակ է մէկ բան․ երգը շուրջ 55 եւ աւելի  տարիներ բազմաթիւ սերունդներու միլիոնաւոր մարդոց սիրելի երգերէն մէկն է։ 

«Երբ  կը քալէ ան  փողոցէն, կարծես սամպա կը պարէ, այնքան վստահ է ան եւ այնքան քնքուշ,

            Եւ երբ կ’անցնի ան մարդոց կողքով՝  բոլորը ակամայ հոգոց կը հանեն ․․․»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին