Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Ջերմաստիճանը Այս Շաբաթ Կ’անցնի 30-ի Սահմանները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամառը կը պատրաստուի անկեղծ ըլլալ այս շաբաթ. Ջերմաստիճանը կը բարձրանայ միջինէն աւելի։ Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։

Օդերեւութաբանները երէկ կանխատեսած էին, որ այսօր, ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի մինչեւ 31 աստիճանի, մինչ լեռնային հատուածներուն` 32-ի, իսկ Պեքաայի հովիտներուն մէջ՝ 36 աստիճանի։ Աղբիւրին համաձայն՝ Լիբանանի մէջ, տարուան այս եղանակին, միջին ջերմաստիճանը սովորաբար եղած է 27.3-ի սահմաններուն մէջ։ 

Հինգշաբթի նոյնպէս կ’ակնկալուի այրող եղանակ, երբ ջերմաստիճանը կը տատանուի 11-31-ի սահմաններուն մէջ ծովափին, 18-31՝ լեռնային տարածքներուն վրայ, եւ 16-36՝ Պեքաայի հովիտներուն մէջ:

Տաք ջերմաստիճանին պիտի ուղեկցի ցած խոնաւութիւնը՝ քիչ ամպերով եւ թեթեւ քամիներով:

Առ այժմ՝ այսօր կը համարուի 2019-ի ամենատաք օրը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին