Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Չինաստան Պատրաստ է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման եւ Այլ Ենթակառուցուածքային Ծրագրերու Իրականացման

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ժողովրդական ներկայացուցիչներու պալատէն ներս հանդիպում ունեցած է ՉԺՀ նախագահ Սի Ծինփինի հետ:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, տեղի ունեցած է ձեռքսեղմում եւ արարողակարգային նկարահանում, որմէ ետք երկու երկրներու առաջնորդները քննարկած են հայ-չինական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր:

ՉԺՀ նախագահը նշած է, որ ուրախ է հիւրընկալելու վարչապետ Փաշինեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու համար: Սի Ծինփին նշած է, որ իր երկիրը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներէն ներս յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Ան խօսած է հայ-չինական մշակութային եւ պատմական ամուր փոխյարաբերութիւններու մասին եւ աւելցուցած, որ անիկա նաեւ «Մետաքսէ ճանապարհ»-ի արդիւնքն է: «Մենք հայ ժողովրդը լաւ կը ճանչնանք, մեզի յայտնի են Արամ Խաչատրեանի, Արտեմ Միկոյեանի, Յովհաննէս Թումանեանի անունները: Մեզ կը միաւորեն քաղաքակրթութիւններու համագործակցութեան ընդհանուր նպատակները: Մենք քաջածանօթ ենք Հայաստանի պատմական նշանակալի իրադարձութիւններուն: Համոզուած ենք, որ ապագային պէտք է բացառուին հայ ժողովուրդի հետ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերը»,- ըսած է Սի Ծինփին: 

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սի Ծինփինին «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին հրաւիրելու եւ այս հանդիպման հնարաւորութեան համար, ինչը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները:  «ՉԺՀ-ի հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: Մեր երկու ժողովուրդները կը ներկայացնեն հին քաղաքակրթութիւններ, հայկական ձեռագրերու մէջ դեռ հինգերորդ դարուն կը նկարագրուի երկու ժողովուրդներու կապերու մասին: Այդ կապերը ունեցած են առեւտրային, մարդասիրական եւ քաղաքական բնոյթ: Մեզի համար շատ կարեւոր է կառուցողական եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: 

Երկու պետութիւններու ղեկավարները ջերմ, բարեկամական եւ փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ մտքեր փոխանակած են  հայ-չինական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան արդիական հարցերու վերաբերեալ։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեանը եւ նշած, որ հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի երկխօսութեան ճանապարհով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին