«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ժողովրդական ներկայացուցիչներու պալատէն ներս հանդիպում ունեցած է ՉԺՀ նախագահ Սի Ծինփինի հետ:
Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, տեղի ունեցած է ձեռքսեղմում եւ արարողակարգային նկարահանում, որմէ ետք երկու երկրներու առաջնորդները քննարկած են հայ-չինական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր:
ՉԺՀ նախագահը նշած է, որ ուրախ է հիւրընկալելու վարչապետ Փաշինեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու համար: Սի Ծինփին նշած է, որ իր երկիրը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներէն ներս յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Ան խօսած է հայ-չինական մշակութային եւ պատմական ամուր փոխյարաբերութիւններու մասին եւ աւելցուցած, որ անիկա նաեւ «Մետաքսէ ճանապարհ»-ի արդիւնքն է: «Մենք հայ ժողովրդը լաւ կը ճանչնանք, մեզի յայտնի են Արամ Խաչատրեանի, Արտեմ Միկոյեանի, Յովհաննէս Թումանեանի անունները: Մեզ կը միաւորեն քաղաքակրթութիւններու համագործակցութեան ընդհանուր նպատակները: Մենք քաջածանօթ ենք Հայաստանի պատմական նշանակալի իրադարձութիւններուն: Համոզուած ենք, որ ապագային պէտք է բացառուին հայ ժողովուրդի հետ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերը»,- ըսած է Սի Ծինփին:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սի Ծինփինին «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին հրաւիրելու եւ այս հանդիպման հնարաւորութեան համար, ինչը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները: «ՉԺՀ-ի հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: Մեր երկու ժողովուրդները կը ներկայացնեն հին քաղաքակրթութիւններ, հայկական ձեռագրերու մէջ դեռ հինգերորդ դարուն կը նկարագրուի երկու ժողովուրդներու կապերու մասին: Այդ կապերը ունեցած են առեւտրային, մարդասիրական եւ քաղաքական բնոյթ: Մեզի համար շատ կարեւոր է կառուցողական եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Երկու պետութիւններու ղեկավարները ջերմ, բարեկամական եւ փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ մտքեր փոխանակած են հայ-չինական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան արդիական հարցերու վերաբերեալ։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեանը եւ նշած, որ հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի երկխօսութեան ճանապարհով:






