«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամառը կը պատրաստուի անկեղծ ըլլալ այս շաբաթ. Ջերմաստիճանը կը բարձրանայ միջինէն աւելի։ Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
Օդերեւութաբանները երէկ կանխատեսած էին, որ այսօր, ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի մինչեւ 31 աստիճանի, մինչ լեռնային հատուածներուն` 32-ի, իսկ Պեքաայի հովիտներուն մէջ՝ 36 աստիճանի։ Աղբիւրին համաձայն՝ Լիբանանի մէջ, տարուան այս եղանակին, միջին ջերմաստիճանը սովորաբար եղած է 27.3-ի սահմաններուն մէջ։
Հինգշաբթի նոյնպէս կ’ակնկալուի այրող եղանակ, երբ ջերմաստիճանը կը տատանուի 11-31-ի սահմաններուն մէջ ծովափին, 18-31՝ լեռնային տարածքներուն վրայ, եւ 16-36՝ Պեքաայի հովիտներուն մէջ:
Տաք ջերմաստիճանին պիտի ուղեկցի ցած խոնաւութիւնը՝ քիչ ամպերով եւ թեթեւ քամիներով:
Առ այժմ՝ այսօր կը համարուի 2019-ի ամենատաք օրը։






