«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ մասնակցած են Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ վարչապետը:
«Ես եւ պարոն Ալիեւ ընթրիքի ընթացքին կարճ զրոյց մը ունեցանք: Ան ընդհանուր խօսակցութիւն էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ»,- ըսած է ան:
Անդրադառնալով ապագային նոր հանդիպման հնարաւորութեան մասին հարցոըմին` ան ընդգծած է, որ առայժմ յստակ ծրագիրներ չկան:
«Ես վստահ եմ, որ բանակցային գործընթացը պիտի շարունակուի, եւ հիմա շատ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղը վերադարձնել բանակցային սեղան: Անհնար է հասնիլ այս հակամարտութեան կարգաւորման առանց Ղարաբաղին»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը: