«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնած է, որ 2019 թուականի պետական պիւտճէի քննարկումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կ՝աւարտի այսօր՝ կառավարութեան անդամներու երկու նիստերով: Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
«Կ’ակնկալենք, որ պիւտճէի նախագիծին քննարկումը կ’աւարտի Չորեքշաբթի, ասիկա վարչապետ Հարիրիի մօտեցումն է»,- լրագրողներուն ըսած է Խալիլ՝ Երեքշաբթի օրուան Կառավարութեան նիստէն ետք։
Տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ, իր հերթին ըսած է, որ Կառավարութիւնը նիստ պիտի գումարէ Չորեքշաբթի կէսօրին, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային` այլ նիստ մը պիտի գումարէ նաեւ «Իֆթար»էն ետք:
Նշենք, որ Երեքշաբթի օրուան Կառավարութեան նիստը, որ կը ղեկավարէր Հարիրին, պիւտճէի նախագիծին նուիրուած 12-րդ նիստն էր:
Ժարրահ նշած է, որ Կառավարութիւնը աւարտած է Շրջակայ միջավայրի եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններու պիւտճէներուն վերանայումը եւ քննարկած՝ նախարարներուն առաջարկները պակասուրդի նուազեցման վերաբերեալ։
«Շարք մը նախարարներ ներկայացուցին աճի եւ տնտեսական բարեփոխումներու վերաբերեալ իրենց առաջարկները: Անշուշտ, անոնք չեն կրնար ուսումնասիրուիլ իբրեւ պիւտճէի մէկ մասը, այլ պիւտճէին զուգահեռ առաջարկներ են»,- լրագրողներուն ըսած է Ժարրահ:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կարծիքով՝ 2019-ի պիւտճէի նախագիծը գոհացուցիչ չէ: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ նշած է, թէ իր առաջարկները կը վերաբերին հարկերէ եւ մաքսատուրքերէ խուսափելուն։ Նախարարը յոյս յայտնած է, որ իր ներկայացուցած առաջարկները պատասխանատւութեամբ կ’ընկալուին։






