Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Կը Դատապարտէ Սէուտական Քարիւղի Տակառներուն Վրայ Եղած Յարձակումները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Վարչապետ Սաատ Հարիրի, Երկուշաբթի, դատապարտած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ափին գտնուող Սէուտական քարիւղի տակառներուն վրայ եղած յարձակումները, զանոնք որակելով իբրեւ «ահաբեկչական գործողութիւններ»:

Հարիրի նշած է, որ Կիրակի օր տեղի ունեցած յարձակումները լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն աշխարհի ամենակարեւոր ջրանցքներէն մէկուն նաւագնացութեան անվտանգութեան։

Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալիտ ալ-Ֆալիհ, Երկուշաբթի յայտարարած է, թէ յարձակումը «նշանակալից վնաս» պատճառած է տակառներուն, որոնցմէ մէկը ճամբայ հանուած էր Սէուտական քարիւղը հասցնելու Միացեալ Նահանգներ։

Առեւտրական չորս նաւեր, ըստ Իմարաթներու լրատուական ընկերութեան, ենթարկուած են «խափանարարական գործողութեան»։ Տեղեկութեան համաձայն՝ վնասներ կամ մահեր չեն եղած, եւ ոչ մէկ վնասակար քիմիական նիւթ կամ վառելիք թափած է:

Նշեալ գործողութեան համար պատասխանատւութիւն ստանձնոցներ չեն եղած տակաւին։

Հարիրիի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ այս գործողութիւնները կը վտանգեն համաշխարհային տնտեսութեան կայունութիւնը քարիւղի միջազգային շուկաներուն մէջ՝ բացի արաբական քոյր քաղաքներու վրայ  եղած ուղիղ յարձակումը եւ արաբական անվտանգութիւնը:

«Մենք կը հաստատենք մեր լիակատար համերաշխութիւնը Արաբական Էմիրութիւններուն եւ Արաբական Ծոցի բոլոր քոյր երկիրներուն հետ»,- աւելցուցած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին