Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պետրոս Թորոսեանի Խօսքը՝ Հատորին Ծննդոցը «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» Գիրքի Շնորհանդէսին

Բարի երեկոյ սիրելի’ բարեկամներ,

Մէկ շաբթուան ընթացքին այս երկրորդ կարեւոր քննութիւն-փորձառութիւնն է որ կ’ունենամ, առաջինը՝ մագիստրական թեզիս պաշտպանութիւնն էր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս, անցեալ Հինգշաբթի:

Այս երեկոյ հակիրճ պիտի խօսիմ Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն հատորին ծնունդին եւ բովանդակութեան մասին:

Ճիշտ է, որ ես անձամբ չեմ ճանչցած Մեթրը, սակայն պատանեկան օրերէս յաճախ շատ լսած ու կարդացած եմ իր մասին եւ խորապէս տպաւորուած իր ծաւալած բեղուն ազգային-քաղաքական գործունէութեամբ՝ լիբանահայ գաղութի զանազան բնագաւառներէն ներս:

Հետաքրքրութիւնս եւ համակրանքս Մեթրին հանդէպ աւելի խորացաւ, երբ 2013-ին մաս կազմեցի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան վարչութեան, որուն հիմնադիրը եւ առաջին ատենապետն էր ան (1940-1943):

Դժուար թէ հաւատայի թէ օր մը պատիւը պիտի ունենայի ծանօթանալու Մեթր Սեդրակեանի կողակիցին:

Սակայն, կեանքի մէջ անկարելի բան չկայ:

2015-ին, առիթով մը հանդիպեցայ Տիկ. Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեանին:  Շատ գեղեցիկ եւ բացառիկ հանդիպում մըն էր, որմէ ծնաւ հաճելի բարեկամութիւն մը: Մեր յաճախակի տեսակցութիւններուն ընթացքին կը զրուցէինք տարբեր նիւթերու շուրջ (ուսումնական, ազգային խնդիրներ եւայլն): Տիկ. Մարլէն միշտ մօտէն կը հետաքրքրուէր եւ կը հետեւէր իմ կատարած աշխատանքներով:

2017-ին, մեր հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, իրեն յայտնեցի թէ սկսած էի պրպտումներ կատարել լիբանահայ «Զարթօնք» օրաթերթին եւ «Խօսնակ» ամսագրին մէջ, որովհետեւ մտադրած էի ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել ՀԵԸ Համալսարանական Միութեան 75-ամեայ պատմութեան (1940-2015) մասին: Յետագային, Յունուար 2018-ին ուսումնասիրութիւնս լոյս տեսաւ «Զարթօնք»-ին մէջ: Մեծ խանդավառութեամբ Տիկ. Մարլէնին յիշեցի թէ պրպտումներուս ընթացքին, Մեթրին գրիչով ալ զանազան նիւթերու շուրջ բազմաթիւ յօդուածներ եւ ճառեր գտած էի: Այս լսելով Տիկ. Մարլէն ոգեւորուած ըսաւ. «պէտք է այս բոլորը հատորով մը հրատարակել պահպանելու Մեթրէն մնացած այս կարեւոր ժառանգը եւ զանոնք փոխանցելու երիտասարդ նոր սերունդներուն»:

Ակամայ որոշ ընդմիջումներէ ետք, լծուեցանք աշխատանքի:

Ընթերցելէ ետք Մեթր Սեդրակեանի բոլոր յօդուածները եւ ճառերը (շուրջ 94 յօդուած), այս հատորին մէջ հաւաքեցինք 82 հատը դուրս ձգելով շուրջ 11 հատը, որովհետեւ անոնց մէջ յայտնուած գաղափարներուն կը հանդիպինք Մեթրին միւս յօդուածներուն մէջ ցրուած: Մտասեւեռումը կար առաւել չծաւալելու հատորը: Յամենայնդէպս, այդ յօդուածներուն հրատարակման այլեւայլ մանրամասնութիւններ տուած ենք գիրքի վերջաւորութեան մատենագիտական ցանկին մէջ:

Այս հատորին մէջ երեւցող յօդուածները կ’երկարին 1939-1994 շրջանին, եւ ըստ նիւթերու բաժնուած են հինգ գլուխներու:

  • «Ազգային Խնդիրներ եւ Խորհրդածութիւններ»: Այս մասը կը բաղկանայ ընդհանրապէս նոր տարուան առիթով լոյս տեսած յօդուածներէն, որոնց մէջ Մեթրը համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ նախորդող տարուան ընթացքին տեղի ունեցած քաղաքական, կրթական, մշակութային, տնտեսական, եկեղեցական անձուդարձերը թէ՛ լիբանահայ եւ թէ՛ այլ գաղութներու մէջ: Այս յօդուածները ախտաճանաչում եւ շինիչ քննադատութիւն կը կատարեն գաղութահայ թէ հայրենի կեանքին, վեր առնելով կարեւոր ազգային հարցեր, որոնք ինչպէս երէկ՝ այսօր ալ այժմէական կը մնան, ինչպէս՝ Մեթրին բառերով՝ «նոր քատրերու» պատրաստութիւն, հայկական կազմակերպութիւններու աշխատելաձեւի արհեստավարժեցում, հաւաքական աշխատանքի անհրաժեշտութիւն, կրթական ֆոնտերու հաստատում, հայ վարժարաններու կրթական մակարդակի բարելաւում եւ ուսուցիչներու արդար վարձատրում, հայ իգական սեռին՝ քաղաքական-ընկերային-ազգային բնագաւառներ ընդգրկում, հայ մամուլի աշխատակիցներու նիւթական վարձատրութեան խնդիր, երիտասարդական ակումբներու եւ կազմակերպութիւններու նիւթապէս սատարում:
  • Երկրորդ գլուխը կը կրէ «Եկեղեցական Հարցեր» վերնագիրը: Ուշագրաւ է, որ աշխարհական ըլլալով հանդերձ, Մեթրը քաջածանօթ էր եկեղեցական օրէնքներուն: Ան «աշխարհիկ եկեղեցական»ն է, որ լայն գիծերու մէջ կ’անդրադառնայ եկեղեցական խնդիրներուն (մասնաւորաբար 1956ի եկեղեցական տագնապէն ետք) եւ ամէն ջանք կը թափէ Հայ Եկեղեցւոյ միասնականութեան պահպանման:
  • Երրորդ գլուխը կը կոչուի «Գաղութներ»: Բաժնուած է երկու մասերու: Առաջինը՝ «Լիբանան եւ Լիբանահայ գաղութ» եւ երկրորդը՝ «Այլ Գաղութներ»: Մեթրը գաղութներու կատարած իր այցելութիւններէն մամուլով կը կիսէր իր տպաւորութիւնները: Օրինակ՝ ան յօդուածներ ունի ֆրանսահայ, հալէպահայ, եգիպտահայ, յունահայ եւ ամերիկահայ գաղութներուն մասին: Անոնց մէջ ան երբեմն բաղդատականներ կը կատարէ տարբեր գաղութներու միջեւ, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ կ’առնէ անոնց դիմագրաւած զանազան դժուարութիւնները:
  • Չորրորդ գլուխը կը կրէ «Կազմակերպութիւններ» վերնագիրը եւ դարձեալ բաժնուած է երկու մասի: Առաջինը ՝«ՀԲԸՄ-ՀԵԸ» իսկ երկրորդը՝ «ՌԱԿ-ԹՄՄ»: Այստեղ կը հանդիպինք զանազան կուսակցական անձնաւորութիւններու ինչպէս Արտակ Դարբինեան, Միքայէլ Նաթանեան, Էօժէն Բաբազեան, Գերսամ Ահարոնեան, Յակոբ Դաւիթեան եւ ուրիշներու մասին գրուած Մեթրին յօդուածներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի եւ Բարեգործականի որդեգրած ազգային-քաղաքական ուղիին վերաբերեալ յօդուածներու եւ ճառերու:
  • Հինգերորդ գլուխը կը կոչուի «Ներգաղթ եւ Սովետ Հայաստան»: 1946-1948 տարիներուն, ըլլալով Լիբանանի եւ Սուրիոյ Ներգաղթի Կեդրոնական Կոմիտէի Ա. Ատենադպիրը, Մեթր Սեդրակեան բազմաթիւ քաջալերական յօդուածներ գրած է դէպի Հայաստան ներգաղթին շուրջ: Ան յաճախ կ’անդրադառնայ նաեւ կազմակերպական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն, որոնց հետեւանքով երբեմն ներգաղթի աշխատանքները դանդաղեցան: Օրինակ՝ կարգ մը խափանման փորձեր, «Ռուսիա» նաւի ուշացում, Հայրենիքի մէջ բնակարաններու պակաս եւայլն: Այս բաժնին մէջ նաեւ ընդգրկած ենք եգիպտահայ մտաւորական Նուպար Պէրպէրեանի Մեթր Սեդրակեանի հետ ներգաղթի շուրջ կատարած հարցազրոյցը, որ 11 եւ 12 Նոյեմբեր 1946ին լոյս տեսած է Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ:

Յօդուածներուն խնդրով կատարած ենք լեզուական, կէտադրական մանր հպումներ եւ ջանացած ենք միատարր դարձնել կարգ մը բառակապակցութիւններ, եզրեր: Բոլոր յօդուածներուն կցած ենք լուսաբանական ծանօթագրութիւններ (footnotes), որոնք աւելի մանրամասնօրէն կը բացատրեն յօդուածներուն մէջ ակնարկուած անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն մասին: 

Գիրքի երկրորդ մասին մէջ տեղադրած ենք Մեթրին յիսնամեայ յոբելենական հանդիսութեան առիթով հրատարակուած գրքոյկէն նամակներու եւ յօդուածներու ընտրանի մը (13 հատ): Անոնք կարեւոր են այն առումով որ գրուած են Մեթրին կուսակցական եւ միութենական գործակիցներուն կողմէ (ինչպէս Ալեք Մանուկեան, Լուիզ Մանուկեան Սիմոն, Հայկաշէն Ուզունեան) եւ կ’օգնեն արժեւորելու Մեթր Սեդրակեանի ընդհանուր նկարագիրը, որդեգրած սկզբունքները եւ ազգային-քաղաքական ուղեգիծը:

Գիրքին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Լիբանանեան Համալսարանի դասախօս եւ ընկերաբան՝ Դոկտ. Ահմատ Պաալպաքիի արաբերէն խօսքը, արտասանուած՝ Մեթրին քառասունքին: Այն ոչ-հայու արժեւորում մըն է Մեթր Սեդրակեանի անձին:

Այս գիրքին իւրայատկութիւններէն է նաեւ այն, որ տեղ կու տայ Մեթրին կողակիցին՝ Տիկ. Մարլէնին յուշերուն, ուր բերուած կարգ մը անձնական կեանքի տեղեկութիւնները, կրնան նորութիւն ըլլալ շատերուն եւ լոյս սփռել կարգ մը իրադարձութիւններու վրայ: Օրինակ՝ թէ ի՞նչու եւ ի՞նչպէս Մեթրը կուսակցական եղած էր, անոր դերը լիբանանեան քաղաքական կեանքէն ներս (1951-ի Լիբանանի Խորհրդարանական ընտրութիւն, հանդիպում նախագահ Քամիլ Շամունի հետ), ճամբորդութիւններ եւայլն:

Ինչպէս պիտի տեսնէք, այս հատորին մէջ նաեւ ընդգրկած ենք Տիկ. Մարլէնին կողմէ տրամադրուած 78 լուսանկարներ, որոնք դասաւորուած են ըստ նիւթերու: Անոնք ո՛չ միայն գեղագիտական (aesthetic) արժէք ունին, այլեւ՝ լուսարձակի տակ կ’առնեն Մեթր Սեդրակեանի յիսնամեայ ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը եւ կեանքը:

Գիրքին աւարտին տեղադրած ենք Մեթրին գրութիւններուն կարելի ամբողջական մատենագիտական ցանկը՝ հաւաքուած մամուլէն եւ զանազան հրատարակութիւններէ, ինչպէս՝ ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան եւ ՀԲԸՄ-ի Ցկեանս Նախագահ Տիար Ալեք Մանուկեանի Նախագահութեան 20Ամեակին հատորէն եւ ՀԵԸ-ի Դափնեպսակէն:

Դիւրացնելու համար հետազօտողներու եւ պատմաբաններու աշխատանքը գիրքին վերջաւորութեան այբենական շարքով պատրաստած ենք անձնանուններու եւ յատուկ անուններու ցանկ մը: 

Հատորին արժէքը՝

Այս հատորը կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ սփիւռքագիտութեան, որովհետեւ այս յօդուածները կարեւոր սկզբնաղբիւր եւ ատաղձ են սփիւռքահայ պատմութիւնը հետազօտողներու, պատմաբաններու եւ սփիւռքագէտներու համար, ուսումնասիրելու՝ յետեղեռնեան շրջանին կազմաւորուող լիբանահայ եւ այլ գաղութներու (Սուրիա, Յորդանան, Յունաստան, Ֆրանսա, ԱՄՆ եւայլն) պատմութիւնը, ազգային առաջնահերթութիւնները, խնդիրները, ծրագրերը, տրամադրութիւնները, մթնոլորտը:

Այս գրութիւնները նաեւ կ’արձագանգեն ատենի քաղաքական մտածելակերպը եւ ոգին: Անոնք լուսարձակի տակ կ’առնեն Հայրենիքը եւ Սփիւռքը յուզող հրատապ ազգային խնդիրներ, ինչպէս՝ ներգաղթ, քեմփերու խնդիր, եկեղեցական տագնապ, միջկուսակցական պայքար, գաղութային կեանք եւ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններ: Այս գիրքը նաեւ կը դրսեւորէ ոչ միայն ռամկավար ազատական կուսակցականի մտածումները, այլեւ ատենի ռամակավար ղեկավարութեան գաղափարական ուղղուածութիւնը՝ գաղութակերտման եւ Հայրենիքին հանդէպ: Անոնք նաեւ մեզի կարելիութիւնը կու տան վերարժեւորելու ՌԱԿ-ի պատմութիւնը:

Պէտք է խոստովանիմ թէ որպէս 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի պատմութիւնը ուսումնասիրող ուսանող ինծի համար առաջին փորձ մըն էր այսպիսի ծաւալուն հատորի մը պատրաստումը: Այս ընթացքին ես ալ առիթը ունեցայ աւելի մանրամասն տեղեկանալու եւ մօտէն ճանչնալու 1940-ականներէն 1970-ականներու հայկական ( Հայրենիք եւ Սփիւռք), լիբանանեան եւ միջազգային պատմութեան:

Նախքան խօսքիս աւարտը, կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Տիկ. Մարլէն Սեդրակեանին, որ այս հատորի պատրաստութիւնը վստահեցաւ ինծի ինչպէս նաեւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին իր արժէքաւոր առաջարկներուն եւ թելադրութիւններուն համար:

Ուրախ եմ որ երիտասարդ տարիքիս հանդիպեցայ Մեթրին, այս իմաստուն, լայնախոհ եւ բանական մարդուն: Վստահ եմ իր՝ ինծի փոխանցած դաստիարակութիւնը՝ ազգային-գաղափարական եւ միութենական սկզբունքներուն առումով մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան իմ յետագայ կենսագործունէութեանս վրայ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին