«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Մայիս 14-16 աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն:
Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, այցի ծիրէն ներս նախատեսուած է վարչապետի հանդիպումը Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ: Վարչապետ Փաշինեանը աշխատանքային ճաշի շրջանակէն ներս հայ-չինական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ուղղուած հարցերը պիտի քննարկէ նաեւ Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահ (վարչապետ) Լի Քեցեանի հետ:
Վարչապետը Փեքինի մէջ պիտի մասնակցի Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան համաժողովին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով:
ՀՀ վարչապետն ու տիկին Աննա Յակոբեանը ներկայ պիտի ըլլան նաեւ համաժողովի փակման համերգին, որ տեղի պիտի ունենայ Փեքինի Ազգային ողիմպիական մարզադաշտի մէջ: Համերգի ընթացքին ելոյթով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական խումբը:






