«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Առնուազն 10 մարդ վիրաւորուած է Թուրքիոյ կեդրոնի մէջ գտնուող Քոնիա քաղաքէն հիւսիս գտնուող Սելճուքլու շրջանի սրճարանին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան հետեւանքով, կը հաղորդէ թրքական NTV հեռատեսիլի ալիքը։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, հեռատեսիլի ալիքի տուեալներով, երկու մարդ սրճարանի մէջ վիճած են, յետոյ սկսած է ծեծկռտուքը։ Ապա անոնցմէ մէկը հանած է հրացանը եւ անկանոն կրակած սրճարանի մէջ։
Ինչպէս կը յայտնէ հեռատեսիլի ալիքը, տուժածները տեղափոխուած են Սելճուքեան համալսարանի բժշկական բաժանմունքին առընթեր հիւանդանոց։ Կասկածեալները թաքնուած են, ոստիկանութիւնը որոնմանն աշխատանքներ կը տանի։






