Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Հայաստանի Կողքին Պայքար Մղել Յանուն Արդարութեան. Մաքրոն Նամակ Յղած է Նախագահ Սարգսեանին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նամակ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին` յայտնելով, որ ինչպէս յանձն առած էր, այս տարուընէ սկսած Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ պաշտօնապէս կը նշուի որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ Հայաստանի կողքին պայքար մղել յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան: «Ատիկա մեր պարտքն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ այն փրկուածներու եւ փախստականներու հանդէպ, որոնց Ֆրանսան գրկաբաց ընդունեց եւ որոնց ժառանգները կերտեցին մեր երկրի պատմութիւնը:

«Համատեղ ճակատագիր կերտելու հնարաւորութիւն ունենալու համար պէտք է կարենալ շիտակ նայիլ անցեալին` գլուխ խոնարհելով մեռեալներու յիշատակին առջեւ եւ յարգելով ողջերու յիշողութիւնը: Ատիկա իմ համոզումս է, եւ գիտեմ, որ անիկա կը կիսէ նաեւ Հայաստանը: Մենք ձեր կողքին ենք յիշողութեան պահուն, ձեր կողքին ենք նաեւ յանուն Հայաստանի ապագային` հիմա, երբ կը կերտուի անոր պատմութեան նոր էջը, որ պէտք է ըլլայ խաղաղութեան եւ բարագաւաճման էջ»,- կ՛ըսուի Ֆրանսայի նախագահի նամակին մէջ:

Էմանուէլ Մաքրոն աւելցուցած է, որ Ֆրանսան եւ Հայաստանը ձեռք-ձեռքի տուած հպարտ են իրենց բարեկամութեամբ եւ վստահ՝ ապագայի հանդէպ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին