Համագործակցութեան եւ ընդհանրապէս համակարգումի ծիրէն ներս, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանին, այցելեց Թէքէեան Կեդրոն՝ հանդիպում ունենալու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ: ՀԲԸՄի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տիարք Վիգէն Չէրչեան եւ Սարգիս Քէօշկէրեան, ինչպէս նաեւ օրդ. Արին Ղազարեան:
ՌԱԿի կողմէն ներկայ էին ընկերներ Սեւակ Յակոբեան, Մայք Վայէճեան, Սեդրակ Քիւրէճեան, Արա Գոյունեան, Գրիգոր Մկըրեան (ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, փոխ-ատենապետ եւ անդամներ) ինչպէս նաեւ ընկերներ Վահէ Արթինեան եւ Տոքթ. Պօղոս Աստուրեան (ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան գործակից անդամներ՝ ակումբներու ատենապետներ):
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննարկեցին զիրենք յուզող շարք մը հարցեր, որոնց շուրջ կայացան շինիչ որոշումներ:
Նման օգտակար հանդիպումները աւելի հերթական դարձնելու մաղթանքով հանդիպումը հասաւ իր աւարտին: