Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Պարգեւատրումներ՝ Մայիսեան Եռատօնին Առիթով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 27-րդ տարեդարձին առթիւ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, Մայիս 8 -ին տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց ունեցած նշանակալի աւանդին, Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելնուն եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան, Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ մասնագիտական արդիւնաւէտ ու նուիրուած գործունէութեան համար, պաշտպանութեան բանակի խումբ մը զինուորներ, ազատամարտիկներ եւ ոստիկանութեան վեթերաններ արժանացան պետական բարձր պարգեւներու:

Նախագահ Սահակեան ելոյթ ունենալով՝ ընդգծեց, որ Մայիս 9ի տօնը մեր բազմադարեայ պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն է, որ գրուած է համայն հայութեան միասնական ջանքերով եւ դարձած հայ ժողովուրդի հերոսութեան ու միասնութեան, տոկունութեան եւ անսասան կամքի խորհրդանիշը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին