ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի հիմնադրութեան 31-րդ տարեդարձի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 6 Ապրիլ 2019-ին “De Luxe Banquet Hall” ճաշասրահին մէջ։
Առաջին առիթով Նարօտ Էքմէքճեան ներկաները ողջունեց իւրայատուկ «Բարեւ» քերթուածի իր հարազատ արտայայտութիւններով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքեր ուղղուեցան Էտ Յարութիւնեանի եւ պատուելի Ռիչըրտ Աֆշարեանի կողմէ։ Ազգային քայլերգները մեկնաբանուեցան Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտութեան կողմէ, ապա բացման աղօթքը կատարեց Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան։
Միջոցառումը ձօնուած էր հայ բանաստեղծութեան։ Այդ իսկ պատճառով հրաւիրուած էր վաստակաւոր բանաստեղծ, ուսուցիչ Ժագ Յակոբեան, որ ինքնագիր քերթուած մը արտասանեց մեծ ոգեւորութեամբ թնդացնելով սրահը ջերմ ծափողջոյններով։
Օրուան բանախօսն էր Քեւըն Մաթոսեան, որ վեր առաւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի առաքելութիւնը եւ շեշտեց ուսման կարեւորութիւնը, ուր փոքրիկները կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն։
Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտները հայաշունչ կերպով ասմունքեցին, գրաւելով ներկաներուն մեծ ուշադրութիւնը։
Տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պոյաճեան իր կարգին ողջունեց ներկաները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցիս հիմնադիրներուն եւ մանաւանդ մեր ծնողներուն, որոնք իրենց թանկագին զաւակները վստահած են Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի ջամբած ուսման եւ դաստիարակութեան։
Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Սօսի Աստուրեան նոյնպէս իր գոհունակութիւնը յայտնեց Սահակ-Մեսրոպի ընտանիքին, Սահակ-Մեսրոպի առաքելութեան նուաճումներուն մասին, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։
Կարդացուեցաւ ծերակուտական Անթընի Փորթանթինոյի ուղարկած գնահատագիրը, դպրոցիս 31-ամեայ ծառայութեան համար։
Յատուկ պարգեւատրումի արժանացան բազմավաստակ կրթական մշակներ, որոնք երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայած են Սահակ-Մեսրոպէն ներս։ Կը յիշենք Լիւսի Ապաճեան, Ռաֆֆի Ղազարեան, Արտա Իփէկեան եւ Մարալ Պոյաճեան։
Յայտագիրը փակուեցաւ Տէր Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի աղօթքով եւ պահպանիչով։
Բարի երթ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին՝ դէպի աւելի բարձր վերելքներ։
ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ