Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հայկական օրօրներու դասընթացք պիտի ներկայացնեն Արամ եւ Վիրճինիա Քերովբեանները

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ֆրանսայէն ժամանած երաժիշտներ՝ Արամ եւ Վիրճինիա Քերովբեանները պիտի ներկայացնեն նոր լոյս տեսած «ՐՈՒՐԻ» Հայկական օրօրներու գիրքը յատուկ ծրագիրով մը՝ Կիրակի, 12 Մայիս 2019, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA)։ Մուտքը ազատ է: Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ (818) 243-4112 թիւին։

ՐՈՒՐԻ գիրք-ձայնասկաւառակը կը պարունակէ oրօրելու եւ երեխայ քնացնելու երգեր հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն տարբերակներով. գիւղէ գիւղ, շրջանէ շրջան, տարբեր անուն տուած են՝ օրօր, օրօր… օրիմ, օրիմ… րուրի, րուրիէյուր, էյուր… Հովը կը կանչեն, որ ճօճէ օրօրոցը, աստղերը՝ որ գովեն մանուկը, հրեշտակները՝ որ հսկեն անոր վրայ։ Այս օրօրները լի են երկրին ժողովրդական պատկերներով. ըլլան անոնք վարդը կամ սոխակը։ Լի են նաեւ իւրաքանչիւր ծնողի յոյսերով, որ մանուկը լաւ հանգչի, մեծնայ եւ աճի։ Վիրճինիա Քերովբեան պիտի երգէ ժողովրդական գեղեցիկ օրօրներէն, Արամ Քերովբեանի քանոնի մեղմ նուագակցութեամբ։ Դուք ալ, մինչ ձեր զաւակը կ՚երազէ Մարալ Քերովբեանի նկարները դիտելով, կրնաք այս օրօրները երգել, սկաւառակը լսելով եւ գիրքէն հետեւելով երգի խօսքերուն։

ՎԻՐՃԻՆԻԱ ՓԱԹԹԻ ՔԵՐՈՎԲԵԱՆ ծնած է ԱՄՆ-ի Ուաշինկթըն մայրաքաղաքը, եւ 1970-ականներուն տեղափոխուած Փարիզ։ Աշխատած եւ ձայնագրութիւններ կատարած է զանազան հին եւ ժամանակակից երաժշտական խումբերու հետ։ 1980-էն ի վեր մասնագիտացած է հայերէն երգեցողութեան մէջ, որպէս «Կոչնակ» եւ «Ակն» խումբերու մեներգիչ։
ԱՐԱՄ ՔԵՐՈՎԲԵԱՆ ծնած է Կ. Պոլիս եւ 1977-ին տեղափոխուած՝ Փարիզ։ Հիմնադիր անդամներէն է «Կոչնակ» խումբին, նաեւ հիմնադիրն ու ղեկավարը՝ Փարիզի Հայկական ձայնային ուսմանց կեդրոնին եւ «Ակն» երգչախումբին։ 1990-էն ի վեր Փարիզի մայր եկեղեցւոյ երաժշտապետութեան պաշտօնը կը վարէ։ Աւարտած է երաժշտագիտական դոկտորական մը եւ հրատարակած՝ բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ, նիւթ ունենալով հայկական ձայնային երաժշտութիւնը, եկեղեցական երգեցողութեան պատմութիւնը եւ փոխանցման համակարգը։ Վիրճինիա Քերովբեանին հետ միասին կը վարէ երգեցողութեան աշխատանոցներ, բեմ կը բարձրանայ որպէս համերգի եւ թատրոնի երաժիշտ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին