«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շուշիի ազատագրումը (յայտնի է նաեւ «Հարսանիք լեռներում ռազմագործողութիւն», «Շուշիի գրաւում» անուանումներով), արցախեան պատերազմին մաս կազմող ռազմական գործողութիւն է, որ տեղի ունեցած է 1992 թուականի Մայիս 8- 9 Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի շրջանի Շուշի քաղաքի եւ բնակավայրի մատոյցներուն մէջ, իրականացուած է հայկական զինուած ուժերու, ներառեալ՝ կամաւորական խումբերու կողմէն:
Ստեփանակերտի եւ յարակից հայկական բնակավայրերու ռմբակոծում
Ատրպէյճանական զինուժի վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող Շուշիէն Արցախեան պատերազմի սկզբին անընդհատ հրթիռակոծութիւններու կ’ենթարկուէին Ստեփանակերտ քաղաքն ու յարակից բնակավայրերը: Կաթուածահար վիճակի մէջ կը գտնուէր հաղորդակցութիւնը: Շուշին վերածուած էր Ստեփանակերտը հրետակոծող թիւ 1 կրակակէտի։ 1991 թուականի Նոյեմբերէն մինչեւ 1992 թուականի Մայիսի սկիզբը Շուշիէն, Ջանհասանէն, Քէօսալարէն, Ղայբալուէն Ստեփանակերտի վրայ արձակուած է շուրջ 4740 արկ։ Այդ հրետակոծութիւններու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութէան պաշտօնական տուեալներով զոհուած են 111 եւ վիրաւորուած 332 խաղաղ բնակիչներ, աւերակ դարձած է 370 բնակելի տուն եւ շինութիւն։
Ինքնապաշտպանութեան ուժերու 1991 թուականի վերջին եւ 1992 թուականի սկիզբը հայկական զինուած ստորաբաժանումներու յաջող գործողութիւնները, շարք մը ատրպէյճանական կրակակէտերու ճնշումը, Խոջալու բնակավայրի ազատագրումն ու օդակայանի բացումը ստեղծեցին տնտեսական, ռազմական եւ բարոյահոգեբանական նախադրեալներ Շուշիի ազատագրումը նախապատրաստելու համար։
Առանձին ռազմական գործողութիւններ
Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցած է 1992 թուականի Յունուար 25-26-ին Քարինտակի ինքնապաշտպանութիւնը, երբ փոքրաթիւ հայկական զինուժը յաջողեցաւ ետ մղել ատրպէյճանական բազմաքանակ ուժերու յարձակումը, ոչնչացնել Շուշիէն արտագրոհի ելած հակառակորդի աւելի քան 8 տասնեակ զինուորներ։
Այդ յարձակումէն ետք շարունակուած են Ստեփանակերտի ու շրջակայ հայկական բնակավայրերու հրթիռային հրետակոծութիւնները։ Մէկ շաբթուան ընթացքին Շուշիէն ատրպէյճանական զինուժը արձակուած է շուրջ 1000 արկ, որուն հետեւանքով զոհուած են 20 խաղաղ բնակիչ։ 1992 թուականի Ապրիլ 27-ի դրութեամբ Շուշիի մէջ, ուրկէ տեղահանուած էր ողջ խաղաղ բնակչութիւնը, կեդրոնացուած էր մեծ քանակութեամբ ռազմական սարքեր եւ զինամթերք։
«Հարսանիք լեռներում ռազմագործողութիւն»
Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը իրականացուած է 1992 թ. Մայիս 8-9 եւ արմատական բեկում յառաջացուցած է Արցախեան պատերազմի մէջ։
Գործողութիւնը իրականացուած է 4 ուղղութիւններով՝ միաժամանակ յարձակումներով՝ Մայիսի լոյս 8-ի գիշերը ժամը 2.30-ին, Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւելէն եւ լաչին-Շուշի ճանապարհը հսկողութեան տակ առնելէն ետք՝ մմ-21 ռէակտիւ մարտկոցի համազարկով։ Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարած է Ինքնապաշտպանութեան ուժերու (ԻՊՈՒ) հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեան:
Յարձակումը նախատեսուած էր սկսիլ դեռ Մայիսի 4-ին, բայց տարբեր պատճառներով (սպառազինութեան պակաս, վատ եղանակ եւ այլն) յետաձգուած էր։ ԻՊՈՒ-ի շուրջ 1200 մարտիկներէն բաղկացած 4 յարձակողական եւ մէկ պահեստազօրային խումբերը Մայիս 8-ի գիշերը միաժամանակ անցած են յարձակման։
Շուշիի ազատագրման մարտական հրամանը ստորագրուած է Մայիս 4-ին հետեւեալ մանրամասնութիւններով.
1-Հակառակորդը շրջանաձեւ դիրքեր կը գրաւէ Շուշիի բարձունքներուն մէջ՝ մօտ 1200 մարդ կենդանի ուժով, Զառսլու գիւղի մէջ՝ մօտ 100 մարդ, Լիսագորի մէջ՝ մօտ 300-350 մարդ, Քէօսալարի ուղղութեամբ՝ մօտ 300 մարդ։
2-Մեր խնդիրը՝
- Ջախջախել հակառակորդըԼիսագոր, Զառսլու, Ջանհասան, Կարագեաւ բնակավայրերու մէջ,
- ջախջախել հակառակորդը Շուշիի մատոյցներուն մէջ եւ զայն ազատագրել կանաչներէն (հակառակորդի պայմանական անուանումը),
- յետագային յարձակիլբերդաձորի ուղղութեամբ եւ Բերդաձորի ենթաշրջանը ազատագրել կանաչներէն։
1-Հակառակորդը հիմնական ուժերը կեդրոնացուցած է Քէօսալարի, Լիսագորի, Զառսլւի, Շուշիի մատոյցներուն մէջ եւ քաղաքի ամբողջ շրջագիծով։
Հակառակորդը ջախջախելու միջոցները՝ գրաւել բարձունքը եւ դիրքաւորուիլ այնտեղ։ Ուժերու վերախմբաւորումէն ետք, նոյն ժամանակին սկսիլ յարձակումը Լիսագորի ու Զառսլուի վրայ եւ յարձակման անցնիլ 4 ուղղութիւններով.
- Շոշի (արեւելեան) ուղղութիւն, հրամանատար՝ Ա. Կարապետեան,
- «26-ի» (հիւսիսային) ուղղութիւն, հրամանատար՝ Վ. Չիթչեան,
- Լաչինի (հարաւային) ուղղութիւն, հրամանատար՝Սամուէլ Բաբայեան,
- Քէօսալարի (հիւսիսարեւմտեան) ուղղութիւն, հրամանատար՝Սէյրան Օհանեան, պահեստազօրի հրամանատար՝ Յ. Յովհաննիսեան։
Ստեփանակերտի կողմէն հակառակորդը ջախջախել բարձունքներուն մէջ, դիրքաւորուիլ Շուշիի 3 ծայրամասերու մէջ, ապա ոչնչացնել թշնամին եւ ազատագրել Շուշին։
Ռազմական գործողութեան ելքը կանխորոշուած էր արդէն իսկ Մայիս 8-ին, երբ Լաչինի եւ միւս ուղղութիւններու ստորաբաժանումները նպաստաւոր բնագիծեր գրաւած էին Շուշիի մատոյցներուն մէջ։ Մայիս 8-ի երեկոյեան կողմ տրուած դադարը հակառակորդին հնարաւորութիւն ընձեռած է յատկացուած միջանցքով հեռանալ բերդաքաղաքէն։
Կէսօրուան մօտ յարձակման անցած են հակառակորդի մէկ ռազմական օդանաւ եւ ուղղաթիռներ, որոնք ռմբակոծած են հայկական ուժերու մարտաշարքերը, ինչպէս նաեւ Շուշին ու Ստեփանակերտը։ Աւելի ուշ պարզուած է, որ այդ օդային յարձակման նպատակը Շուշիի մէջ ձգած զինապահեստները պայթեցնելն էր, անով ատրպէյճանցիները յոյս ունեցած են կործանել ամբողջ քաղաքը, ինչը չեն յաջողած իրականացնել։ Երեկոյեան կողմ հիմնականօրէն աւարտած է Շուշիի «մաքրման» գործողութիւնը։ Մայիս 9-ին հինաւուրց հայկական բերդաքաղաքը ազատագրուած էր։