Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-Ամեակը (լուսանկարներ)

Ցեղասպանութիւն 100 + 4

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2019-ին, համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը:

Համալսարանի ուսանողները, անձնակազմը, նաեւ շրջանի բարեկամներն ու դրացիները, շրջագայելով մօտեցան «Մուկար» պարտէզին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին («Անմոռուկ» ծաղիկ), ուր ծաղիկներ խոնարհելով տուին յարգանքի իրենց տուրքը: Հոգեպարար այս արարողութեան կ’ընկերակցէր տուտուկի նուագ՝ Սագօ Եագուպեանի կատարողութեամբ:

Հայկազեան համալսարանի «Աւանդներու ակումբ»-ի անունով խօսք առաւ Մեղրի Գազանճեանը եւ ողջունեց ներկաները: Մինաս Ադամեան, ընկերակցութեամբ Արի Վարդանեանի (կիթառ) երգեց «Զինուորի երգը», ապա Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի բանաստեղծական կտոր մը: Իսկ համալսարանի ուսանողներէն Գէորգ Եագուպեան ասմունքեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, որ ինք գրած է:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ, Հայկազեան համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանէի ուղերձով:

Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2019-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը ոգեկոչելու ծիրին մէջ, Հայկազեան համալսարանը կազմակերպած էր ‘’1.5 million reasons to bike for a cause’’ խորագիրով հեծելարշաւ, ուր 40 մասնակցողներ, Ցեղասպանութեան յատուկ թիշըրթներ հագած, մօտաւոր 1 ժամ շրջեցան կեդրոնական Պէյրութի փողոցները:

Իսկ 17-էն 24 Ապրիլ 2019-ին Հայաստան գտնուող «Էքսթրիմ» ակումբի ուսանողները, որոնք Վայոց ձորի մէջ լեռնագնացութիւն-քայլարշաւի մը միջոցով «Սեսոպել» հաստատութեան դրամահաւաքի նպատակով գացած էին, 24 Ապրիլին Հայկազեան համալսարանը ներկայացնելով, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղելով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի եւ անմար կրակին մօտ:

Հանրային Կապերու Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին