Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Հայաստան կը Փորձէ Նոր Մակարդակի Յարաբերութիւններ Հաստատել Միացեալ Նահանգներու Հետ. Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստան կը փորձէ նոր մակարդակի յարաբերութիւններ հաստատել Միացեալ Նահանգներու հետ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ յեղափոխութենէն մէկ տարի անց հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ընթացքին՝ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ան նշած է, որ ԱՄՆ հետ յարաբերութիւնները,  ըստ էութեան, Մայիս 7-ին սկսան նոր չափանիշով՝ աշխատանք, որ կը կոչուի հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութիւն:

«Մենք իւրաքանչիւր յարաբերութիւններու մէջ կ՝ակնկալենք, որ մեր յարաբերութիւնները պէտք է համապատասխանեն ՀՀ նոր կարգավիճակին, իսկ ՀՀ-ն այսօր նոր կարգավիճակ ունի: Հայաստանը այսօր առաջատար ժողովրդավար երկիր է եւ մենք բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ պիտի յենուինք այս իրողութեան վրայ»,- ըսած է վարչապետը:

Ամուլսարին անդրադառնալով՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ խնդիրը պիտի ստանայ ազգային շահին համապատասխան լուծում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին