Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Պիւտճէի Վերաբերեալ 7-րդ Նստաշրջանը Աւարտած է Առանց Հարկերու Որոշման

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Կառավարութիւնը անգամ մը եւս յետաձգած է դրամատնային աւանդներու տոկոսներուն վերաբերեալ հարկերու քննարկումը, որ պիտի յաջորդէր պիւտճէի մասին բանակցութիւններու եօթներորդ նստաշրջանին։

2019-ի պիւտճէի նախագիծին քննարկման ենթակայ բաժինը կը ներառէ դրամատնային աւանդներու տոկոսներուն վերաբերեալ հարկերու յաւելում `7 տոկոսէն մինչեւ 10 տոկոս: Այս առաջարկը խիստ քննադատութեան ենթարկուած էր դրամատուներուն կողմէ։

«Հինգշաբթի կամ Ուրբաթ օրերուն կ’ակնկալուին պիւտճէի այն յօդուածներուն վերաբերեալ որոշումներ, որոնք կապ ունին հարկերուն հետ»,- ըսած է տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ՝ Չորեքշաբթի օրուան նիստէն ետք:

Ժարրահ նշած է, որ Հինգշաբթի օրակարգի վրայ պիտի ըլլան նաեւ անհատական նախարարութիւններու պիւտճէի յատկացումները:

Նախարարը, այնուհետեւ, կրկնած է իր պնդումը, որ Կառավարութիւնը Ուրբաթ օր պէտք է ներկայացնէ 2019-ի պիւտճէի նախագիծը, որ յետոյ պիտի փոխանցուի Խորհրդարանին:

Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումէն ետք՝ խօսելով խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի անունով՝ երեսփոխան Ալի Պազզի նշած է, թէ Կառավարութեան կողմէ պիւտճէի նախագիծին հաստատումը վստահութիւն պիտի ներշնչէ նոյնիսկ Խորհրդարանի կողմէ անոր հաստատումէն առաջ, աւելցնելով, որ պիւտճէն միակ միջոցն է տնտեսական ներկայ իրավիճակէն դուրս գալու համար։ 

Նշենք, որ 2019 թուականի պիւտճէն պէտք է հաստատուէր մինչեւ 2018. պետական ​​կառոյցները, 2019-ի սկիզբէն ի վեր կ’աշխատէին ֆինանսաւորման բացառիկ կառուցակազմերու վրայ:

Պարզուած էր, որ պիւտճէն հակասական է, պետական ​​պաշտօնեաները դիմած էին բողոքի ցոյցերու՝ նշելով, որ իրենց ամսականներն ու նպաստները կրնան կրճատուիլ խնայողութիւններու միջոցներու հաշուոյն: Անհասկնալի է, եթէ նախարարները հարցին շուրջ որեւէ որոշման հասած են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին