«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ, Չորեքշաբթի օր, պաշտպանութիւն ցոյց տուած է բարձր աստիճանի ելեկտրական գիծերու տեղադրումին։ Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
«Որեւէ ապացոյց չկայ, որ բարձր աստիճանի ելեկտրականութեան գիծերը կրնան վնասակար ըլլալ եւ ընդհանրապէս կրնան վտանգի ենթարկել Մանսուրիէի բնակիչներուն կեանքը»,- ըսած է Ժարրահ մամուլի ասուլիսին ընթացքին:
Ան ընդգծած է, թէ լիբանանեան շարք մը տարածքներու մէջ արդէն իսկ տեղադրուած են նման հզօրութեամբ ելեկտրական գիծեր, իսկ Մանսուրիէի մէջ տեղադրուելիք գիծերուն աստիճանը պարզապէս աւելի բարձր է եւրոպական չափանիշներէն։
Գիտական շատ քիչ ապացոյցներ կան բարձր աստիճանի ելեկտրական լարերու վնասակար ըլլալուն վերաբերեալ, այնուամենայնիւ բնակիչներն ու պաշտօնեաները մտահոգ են։
Նշենք, որ Չորեքշաբթի առաւօտ բախում մը տեղի ունեցած էր անվտանգութեան ուժերուն եւ Մանսուրիէի բնակիչներու միջեւ, ելեկտրական գիծերու տեղադրման վերաբերեալ:
«Բողոքները կը շարունակուին եւ մենք դեռ կը սպասենք խնդրի լուծման: Յաջորդող ժամերուն մենք կը պատրաստուինք զօրացնելու մեր շարժումը եւ պիտի մնանք փողոցին մէջ, մինչեւ մեր պահանջները բաւարարուին»,- նախօրէին տեղական լրատուամիջոցներուն միջոցով յայտնած էին ցուցարարները:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ միացած էր բողոքողներուն՝ լրատուամիջոցներուն յայտնելով. «Ելեկտրական գիծերու տեղադրման աշխատանքները պէտք է կանգ առնեն, հակառակ պարագային խնդիրները աւելի պիտի բարդանան»։
«Խնդիրը ո՛չ թէ Ներքին անվտանգութեան ուժերուն հետ է, այլ պաշտօնեաներու յամառութեան եւ ժողովուրդի հետ անոնց վերաբերումին»,- ըսած էր Հանքաշ։
Հանքաշ ներկայ եղած էր նաեւ Երեքշաբթի օրուան բողոքի ցոյցին, երբ բախումներ եղած էին։ Ան կոչ ըրած էր նախագահ Միշէլ Աունին եւ Մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռային՝ միջամտելու «խնդրի լուծման եւ քաղաքացիները հեռու պահելու վնասուելէն »: