Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Նստավայրի Դարպասները Աւելի Երկար Բաց կը Մնան Այցելուներուն Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ նախագահի նստավայրի դարպասները աւելի երկար բաց կը մնան այցելուներու համար: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Մայիս 1-էն փոփոխուած են Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի վարչական շէնքի յարակից տարածք քաղաքացիներու մուտքի ու այնտեղէն ելքի ժամերը:

Այսուհետեւ, նախագահի նստավայրի դարպասները հանրութեան համար աշխատանքային, ինչպէս նաեւ Շաբաթ օրերուն բաց կ՝ըլլան ժամը 18:00-22:00–ն, իսկ Կիրակի օրերուն՝ ժամը 12:00-22:00: Այդ ընթացքին այցելուները կրնան ազատօրէն մուտք գործել նստավայրի վարչական շէնքի բացօթեայ տարածք եւ յարակից այգի:

Պատուոյ պահակախումբի հերթափոխութիւնը, որ կ՝ուղեկցուի հանդիսաւոր արարողութեամբ, կը մնայ անփոփոխ եւ տեղի կ’ունենայ Շաբաթ օրերուն ժամը 18:00-ին, 19:00-ին եւ 20:00-ին, իսկ Կիրակի օրերուն՝ ժամը 12:00-ին, 13:00-ին եւ 14:00-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին