Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը Աւարտեց Պիւտճէի Քննարկման Չորրորդ Նիստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նախարարները Ուրբաթ օր աւարտեցին 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ քննարկումները:

Պիւտճէի նախագիծի ուսումնասիրութեան յատուկ քննարկումներուն համար տրամադրուած ժամանակի վերջին նստաշրջանը Ուրբաթ էր։ Կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին՝ նախարարները հաստատած էին պիւտճէի 25 յօդուածները:

«Պիւտճէի քննարկումները դանդաղ կ’ընթանան, բայց եւ այնպէս բանակցութիւնները առարկայական են», – Ուրբաթ օրուան նիստէն առաջ լրագրողներուն ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Իլիաս Պու Սաապ:

Լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ Կառավարութիւնը Շաբաթ օր նիստ պիտի չգումարէ, սակայն բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի երեկոյեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին