«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հիւսիսային Քորէայի Մէջ աւելի քան 10 միլիոն բնակիչ յայտնուած Է իրավիճակի մը մէջ, զոր ՄԱԿ-ի մէջ կը բնութագրեն իբրեւ «պարէնային անվտանգութեան բացակայութիւն»: Երկրի մէջ ալ հաւաքած են վերջին 10 տարուան ամենաքիչ բերքը, որ երաշտի եւ հեղեղումներու հետեւանք է: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարած Է ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի (ՊՀԾ) պաշտօնական ներկայացուցիչ Էրուէ Վերհուզել՝ ելոյթ ունենալով Մայիս 3-ին Ժընեւի մէջ կայացած ճեպազրոյցին:
Ան վկայակոչած Է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան ՊՀԾ-ի եւ Պարէնաւորման ու գիւղատնտեսական կազմակերպութեան (ՖԱՕ) համատեղ գնահատման առաքելութեան արդիւնքները, որ Հիւսիսային Քորէայի մէջ աշխատած Է Մարտ 29-էն մինչեւ Ապրիլ 12: «Եզրակացուցած են, որ տասը տարուան ընթացքին ամենաքիչ բերքատւութեան պատճառով, որ երաշտի, օդային տաք հոսանքներու եւ հեղեղումներու հետեւանք Է, 10,1 միլիոն մարդ կը տառապի պարէնային անվտանգութեան խիստ բացակայութենէն: Անիկա կը նշանակԷ, որ անոնք բաւարար քանակութեամբ պարէնամթերք չունին մինչեւ յաջորդ բերքը»,-ըսած Է ներկայացուցիչը: ՊՀԾ-ի եւ ՖԱՕ-ի առաքելութեան գնահատումներուն համաձայն, Հիւսիսային Քորէայի Մէջ ստացուած Է 4,9 միլիոն մետրական թոն գիւղատնտեսական արտադրանք, որ ամենաքիչ արդիւնքն Է 2008-2009 թուականներու տարեշրջանէն ետք: Ինչպէս ընդգծած Է Վերհուզել, «առանց մարդասիրական օգնութեան միլիոնաւոր մարդիկ կրնան սովի մատնուիլ», հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը: