Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Հայկական միացեալ մարմին. Պահանջատիրութիւն, Հատուցում, Արդարութիւն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 26-ի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Կլենտէյլ, Հայոց Ցեղասպանութեան Հայկական միացեալ մարմինը կազմակերպած էր «կլոր սեղան», հրաւիրելով Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ Վարուժան Ոսկանեանը, իրաւաբան Գառնիկ Քրքոնեանը եւ Փրոֆ. Ֆրենք Վռամ Ծերունեանը։ Ներկայ էին ազգային քաղաքական, հասարակական եւ եկեղեցական մարմիններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, հայրենակիցներ։

Մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն կտակին անդրադարձաւ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհիապահիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը ողջոյնի խօսքին ընթացքին։ Ապա, «կլոր սեղան»ը վարեց երիտասարդ եւ խոստումնալից մտաւորական Դանիէլ Օհանեան, որ պատմութեան մէջ դոկտորականը կը պատրաստէ UCLA-ի մէջ։

Ան ներկայացուց երեք զեկուցողները։ Ռումանահայ Վարուժան Ոսկանեան երկար տարիներու փորձառութիւն ունի Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ։ Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է։ Ոսկանեան նաեւ հեղինակ է գիրքերու։ Անոր «Շշուկներու մատեան» հատորը թարգմանուած է աւելի քան 20 լեզուներու, լոյս սփռելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան վրայ։

Նշենք, թէ միջոցառումը երկլեզու էր, ուր գլխաւոր բանախօսներուն ելոյթները անգլերէնով էին։

Ոսկանեան խօսեցաւ մեր արմատներուն մասին եւ ըսաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի Ջուլֆայի գերեզմաններու քանդումով, Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերով, Արցախեան հարցին հետեւանքներով, Քեսապով…։ Ան կարեւորեց անցեալը եւ յիշողութիւնը։ Խօսելով ներկայի մասին, յարգելի հիւրը շեշտեց, թէ 1991-ի Հայաստանի անկախութենէն ետք աւելի ու աւելի պետութիւններ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը, սակայն նոյն ատեն, այսօրուան իշխանութիւններէն ան ակնկալեց աւելին, օրինակ բերելով վարչապետ Փաշինեանի Ապրիլ 24-եան ելոյթը, ուր պահանջատիրական խօսք չկար ուղղուած Թուրքիոյ այսօրուան իշախանութիւններուն։ Ան անդրադարձաւ օտար պետութիւններուն շահերուն, ուր դժբախտաբար քարիւղն ու դրամը աւելի ծանր կը կշռեն մարդկային արիւնին դիմաց։ Ոսկանեան նաեւ յիշեց 2015-ի 100-րդ տարելիցի հռչակագիրը, որ թուղթի վրայ պէտք չէ մնայ եւ ինչպէս տասնամեակներ շարունակ կրկնուած է, անհրաժեշտ է ոտքի հանել Համահայկական համաշխարհային համագումար։ Ան ըսաւ, որ յստակ ձեւակերպումներ պէտք է որդեգրել մեր պահանջատիրութեան նկատմամբ, երիտասարդները մղենք քաղաքական ասպարէզ, աշխատանք տանինք ՄԱԿ-էն եւ միջազգային այլ հաստատութիւններէ ներս, ճնշելով նաեւ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի առանց ճանաչումի Եւրոպա անոր մուտքը մնայ փակ։

***

Երկրորդ խօսքը տրուեցաւ Հարվըրտէն, Շիքակոյէն եւ Անգլիոյ Քեմպրիճի համալսարաններէն վկայեալ միջազգային իրաւայարաբերութիւններու մասնագէտ, իրաւաբան Գառնիկ Քրքոնեանին, որ Հայ իրաւաբաններու միութեան պատուիրակութեան հետ գտնուելով Երեւան, իր խօսքը ուղղեց ուղիղ կապի միջոցով։

Լուսասահիկներու միջոցով ան տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ սուրիական անապատէն մեզ տանելով օտար հողի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտած տեղահան  հայուն գերեզմանին, ապա տարաւ Անի՝ մշակութային Ցեղասպանութեան օրինակ մը տալով հասաւ այսօրուան՝ յիշել եւ պահանջել։ Ապա, որպէս նմոյշ, ան խորացաւ հրեաներուն գաղափարախօսութեան, ծրագրուած եւ հետեւողական աշխատանքին վրայ, միջազգային քաղաքականութեան մէջ անոնց կատարած ազդեցութեան եւ վերադարձին՝ դէպի իրենց հայրնիք, ուրկէ հեռացնելով պաղեստինցին՝ այդ երկրին ու հողին վրայ ստեղծեցին Իսրայէլ։ Քրքոնեան անդրադարձաւ նաեւ այսօրուան Թուրքիոյ, փոխհատուցումի խնդիրին եւ ընդհանրապէս անոր ելոյթը ներկաներուն մտածել տուաւ մեր յառաջիկայի քայլերուն մասին։

***

Հանրային կառավարման մասնագէտ Ֆրենք Վռամ Ծերունեան պոլսահայ է։ Ուսանած է Ֆրանսայի մէջ եւ ներկայիս կը դասախօսէ USC-ի մէջ վարչական, կրթական եւ կառավարման մարզերէ ներս։ Պատուոյ դասախօս է Հայաստանի Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանէն ներս։ Ծերունեան 2003-էն իվեր մաս կը կազմէ Լոս Անճելըս գաւառի Ռոլինկ Հիլզ Էսթէյթ փոքրիկ քաղաքի Քաղաքային խորհուրդին, երեք շրջան վարելով նաեւ քաղաքապետի պաշտօնը։

Ծերունեան խօսեցաւ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ մեր կորսնցուցած մշակութային ժառանգութեան, եկեղեցիներուն մասին։ 1461 թուականին, Մեհմէտ Բ. սուլթանի հրամանով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հիմնուած է Հայոց Պատրիարքարանը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ Թուրքիոյ մէջ։ Ան նշեց թիւեր եւ փաստեր. ներկայիս միայն 34 հայկական եկեղեցիներ կը գործեն Թուրքիոյ մէջ, որոնցմէ 28-ը Պոլսոյ մէջ եւ միայն վեցն գաւառներու մէջ։ Ո՞ւր են աւելի քան 2,300 եկեղեցիները, վանքերը…։ Ո՞ւր է այդ եկեղեցիները այցելող հայ ժողովուրդը…։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնող թուրք լրագրողներ ու պատմաբաններ կա՛մ բանտերու մէջ կը գտնուին եւ կա՛մ երկրէս փախուստ տուած են։ Տակաւին Թուրքիոյ մէջ չկայ անկախ խօսք։ Ծերունեան կարեւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի բացած դատը Թուրքիոյ դէմ, պահանջելով Սիսի կաթողիկոսութեան մեր իրաւունքները։ Ան աւարտեց իր խօսքը, նշելով, թէ Եւրոպա ա՛լ համբերութիւն չունի եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշումը պէտք է սաստկանայ ընդունելու Ցեղասպանութիւնը՝ անոր Եւրոպա մուտքէն առաջ։

***

Ելոյթներէն ետք, երեկոն համադրող Դանիէլ Օհանեան առիթ տուաւ ներկաներուն, որպէսզի ուղղեն իրենց հարցումները։ Ոսկանեան պատասխանելով պահանջատիրութեան մասին հարցումին, կարեւորեց միացեալ համատեղ նախագիծի մը կազմումը ճշգրիտ նպատակներով. մարմին մը, որ իրաւունքը ունենայ պահանջելու։ Մեր աշխատանքներուն համար ներկայիս կը պահանջուի նոր զարթօնք մը։ Այն հարցումին, թէ ինչու Իսրայէլի օրինակը բերուեցաւ, իրաւաբան Քրքոնեան նշեց, որ կարեւոր է զուգահեռներ անցընել հայերու եւ հրեաներու միջեւ պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ։ Իսկ Արհ. Միքայէլ եպիսկոպոս հաստատում մը կատարեց, որ խելքով մտածենք եւ ո՛չ սրտով, քաղաքական միջոցներով մեր դատը յառաջ տանելու համար։ Ոսկանեան պահանջատիրութեան գծով նշեց, թէ պէտք է աւելի համարձակ գտնուինք եւ աշխարհին բացուինք Ցեղասպանութենէն դուրս այլ ճամբաներով, մտնելով միջազգային աշխարհ։ Վերջապէս, այն հարցումին, թէ ի՞նչ է մեր՝ ժողովուրդին դերը այսօր, Քրքոնեան կարեւորեց, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ հետեւին միջազգային իրաւագիտութեան, մեծ աշխատանք տանինք ձուլումի դէմ եւ բոլորս մենք մեզ մէկ մասնիկը սեպենք միացեալ մարմինին։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Միացեալ մարմինի համաատենապետ Դաւիթ Սամուէլեանի օրուան պատշաճ երգերու մեկնաբանութեամբ, ընկերակցութեամբ Արամ Լեփեճեանի։

Հայկական միացեալ մարմինը աւելի քան 40 ազգային հասարակական, եկեղեցական եւ քաղաքական միաւորներու համախմբում է, որ ամէն տարի կը կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջոցառումներ։

 

Հ.Ս.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին