Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ԿԱՐԾՐ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

ՊՐԷԹ ՄԸՔԿԸՐՔ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2014 Սեպտեմբերին, ԻՍԻՍ-ի խմբաւորումը կ՚իշխէր շուրջ 40,000 քառակուսի մղոն տարածութեան մը վրայ, արեւմտեան Իրաքի եւ հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ։ Մօտաւորապէս Ինտիանա նահանգի մեծութեամբ այդ հողատարածքին վրայ մէկտեղուած էր շուրջ 8 միլիոն բնակչութիւն։ Մէկ միլիար (պիլիըն) տոլար տարեկան եկամուտով «Խալիֆայութիւնը» կը ծառայէր ահաբեկչութիւններ կազմակերպելու Եւրոպայի մէջ, միաժամանակ կոչ ուղղելով իր հետեւորդներուն նոյնը գործադրել Մ. Նահանգներու մէջ։ Անիկա իր երկրին սահմանակից շրջաններուն մէջ անպատուեց, սպանեց կամ ստրկացուց «անհաւատներ»,– քրիստոնեայ, քիւրտ, շիի, եզիտի ու նոյնիսկ՝ սիւննիներ, որոնք համամիտ չէին իրենց իտէալին հետ։ 2013-էն 2017, աւելի քան հարիւր երկիրներէ 40,000 հոգի ժամանեց խալիֆայութիւն, միանալու համար ԻՍԻՍ-ին ու ծայրայեղ խմբաւորումներու, սուրիական քաղաքացիական պատերազմին իրենց մասնակցութիւնը բերելով։

ԻՍԻՍ-ի լայնածիր արշաւանքին հակադարձելու համար, Իրաքի մէջ ամերիկեան նախաձեռնութեամբ գոյացաւ դաշնակից երկիրներու մասնակցութեամբ համախմբում։ Ասիկա ոչ միայն խնամատարական օժանդակութիւն ընծայեց ԻՍԻՍ-ի կողմէ գրաւեալ շրջաններէ փախուստ տուած գաղթականներու, այլ վերականգնեց միաժամանակ իրաքեան իշխանութիւնները։

ԻՍԻՍ-ի դէմ կազմակերպուած պայքարը յառաջիկայ չորս տարիներուն արդիւնաւորուեցաւ տեղական ուժերու եւ յատկապէս քրտական զինեալ ուժերու ալ գործակցութեամբ, թէ՛ հիւսիսային Իրաքի եւ թէ՛ հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ*։ Խալիֆայութիւնը հետզհետէ կորսնցուց իր գրաւած հողերը, իր ղեկավարներուն ալ սպանութեամբ։ Ռաքքա մայրաքաղաքը տարուած շուրջ 200,000 բնակչութենէն, 2018-ին 150,000-ը վերադարձած էր իր բնակավայրերը։ 2003-ի Ամերիկայի իրաքեան արշաւանքին նման չէր այս մէկը. միջազգային թէ տեղական լայն նեցուկ կը վայելէր։

2018-ի աւարտին, Սուրիոյ շրջաններու տիրապետութիւնը բաժնուած էր երեք գլխաւոր մասերու։ Մեծագոյն մասին վրայ կ՚իշխէր սուրիական պետութիւնը՝ Դամասկոսով եւ Հալէպով։ Ասիկա զինուորական ու ֆինանսական լայն օժանդակութիւն կը ստանար Ռուսիայէն եւ Իրանէն։

Երկրորդը կ՚ընդգրկէր հիւսիս-արեւմտեան շրջանը՝ Իտլիպէն մինչեւ Մենպիժ։ Ասիկա տիրապետուած էր Հայաթ Թահրիր-էլ-Շամ-ի կողմէ, որ կը վայելէր Թուրքիոյ թիկունքը։ Թուրքիա համաձայնութեան մը եկած էր Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ վերոյիշեալ շրջանին համար։

Երրորդ շրջանը Սուրիական Տեմոքրաթիք Ուժերու հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Սուրիական հողամասին շուրջ մէկ երրորդ տարածութիւնը ունեցող այս մասը, հիւսիս-արեւելեան շրջանէն դէպի հարաւ, իրաքեան հողամասին արեւմտեան սահմաններու երկայնքին, հարուստ է ուժանիւթերով (քարիւղ, եւլն.), եւ ունի 4 միլիոն բնակչութիւն։ Կը վայելէ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի (Անգլիա, Ֆրանսա) թիկունքը, զինուորական ներկայութեամբ։ Նկատի ունենալու է Եփրատ գետը իբրեւ սահման սուրիական պետութեան, Թէլ-Ապիատ ու Ռաքքա քաղաքներով։ Սուրիոյ ապագային որոշումը այսուհետեւ պիտի կատարուի մեծ երկիրներու դիւանագիտական միջոցառումներով։

2018-ի գարնան, Վ. Փութին հրապարակաւ յայտարարեց, թէ զինուորական բոլոր օտար ուժերը քաշուելու էին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին աւարտէն ետք։ Ամերիկացի դիւանագէտները այն ատեն պահանջեցին, որ Ռուսաստան պարպել տայ իրանեան զօրքերը երկրին բանալի դիրքերէն, ինչպէս՝ իսրայէլեան եւ յորդանանեան սահմանակից վայրերէն։ Ի պատասխան, ռուսական կողմը հաւաստիացուց, որ իրանեան զօրքերը կարելի էր 50 մղոն հեռաւորութեան վրայ պահել Կոլանի բարձունքներէն, ապազինեալ գօտի մը ստեղծելով ՄԱԿ-ի զինուորներու հսկողութեան տակ։

 

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԵՐԱԶՆԵՐ

ՀակաԻՍԻՍ պայքարին մէջ, Թուրքիա խնդրայարոյց մասնակից մը եղած է։ 2014-15 տարիներուն նախագահ Օպամա հետեւողականօրէն Էրտողանէն պահանջած է հակակշռել թուրք-սուրիական սահմանը, ուրկէ ազատօրէն կ՚երթեւեկէին ԻՍԻՍ-ի զինեալները՝ զինամթերքով միատեղ։ 2014-ի վերջերուն, Թուրքիա ոչ միայն չօժանդակեց, այլ դէմ կեցաւ դաշնակից ուժերուն, պաշտպանելու համար քրտական Չոպանի միջնաբերդը ԻՍԻՍ-ի գրոհներուն դէմ։ Վեց ամիսներ ետք, Թուրքիա մերժեց փակել իր սահմանները ԻՍԻՍ-ի զինեալներուն ազատ երթեւեկութեան դէմ, ինչ որ պիտի ուշացնէր անոնց պարտութիւնը։ Ամերիկեան բոլոր փորձերը ձախողեցան, համոզելու Թուրքիան, որպէսզի զինուորապէս գործակցի Սուրիական Տեմոքրաթիք Ուժերուն հետ, գրոհելու ԻՍԻՍ-ի մայրաքաղաք Ռաքքայի վրայ։ Թուրքիոյ գործակցութիւնը անհնարին դառնալով, Մայիս 2017-ին, Թրամփի կառավարութիւնը որոշեց, առանց Անքարայի մասնակցութեան, Սուրիական Տեմոքրաթիք Ուժերուն հետ արշաւել Ռաքքայի վրայ, ինչ որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

2018-ի Դեկտեմբերին, Թրամփի յայտարարութիւնը թէ հիւսիս-արեւելեան Սուրիայէն պիտի քաշէ իր զինուորները (շուրջ 2,000), վտանգաւոր կացութիւն մը ստեղծուած կ՚ըլլայ։ Վախ կայ, որ թրքական բանակը, անցնելով իր հարաւ-արեւելեան սահմանը, արշաւէ դէպի Մենպիժ քաղաքը, եւ ապա՝ դէպի Քոպանի, ինչպէս որ ատենին յարձակած էր Աֆրինի վրայ (Յունուար 2018-ին), մաքրագործելով քաղաքը քիւրտ զինեալներէ, տեղւոյն մեծամասնական (շուրջ 150,000) քիւրտ բնակչութիւնն ալ փախուստի մատնուելով։

 

ԿԱՐԾՐ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պ. Ասատը պիտի մնայ իշխանութեան գլուխը ու տակաւին փոխարինուելու ժամը չէ հասած։

Իրաքի մէջ Ամերիկան 22 գործակից երկիրներ ունի. Սուրիոյ մէջ Անգլիան ու Ֆրանսան միայն կ՚օժանդակեն ամերիկեան ուժերուն, որոնց թիւը, 2018 Դեկտեմբերին, Թրամփի հրապարակային յայտարարութեամբ, 2,000-էն պիտի կրճատուի 200-ի, հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ, իսկ 200 ալ՝ Էլ-Թենֆի (յորդանանեան սահմանին վրայ) միջերկիր (enclave) մը։

Մ. Նահանգներ ընդունելու է, թէ Սուրիոյ մէջ գլխաւոր իրաւարարը Ռուսական Դաշնութիւնն է։ Ուաշինկթըն կապեր չունենալով Դամասկոսի ու Թեհրանի հետ, գործակցելու է Ռուսիոյ հետ արդիւնքի մը հասնելու համար։ Երկու երկիրներն ալ կ՚ուզեն որ Սուրիա պահէ իշխանութիւնը իր հողատարածքին, եւ ուր ԻՍԻՍ ապաստան չգտնէ։ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն մօտիկ կապեր ունին Իսրայէլի հետ։ Սուրիական հարցը չի լուծուիր առանց ուղիղ գործակցութեան երկու երկիրներու միջեւ, անտեսելով կամ շրջանցելով մնացեալ տարակարծութիւնները այլ բնագաւառներէ ներս։

 

ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Մ. Նահանգներ կեդրոնանալու է.

ա) Սուրիոյ մէջ, Իրանին ուրանալով զինուորական զօրաւոր ներկայութիւն մը, որ սպառնալիք մը դառնայ Իսրայէլի համար։

բ) Արգիլել ԻՍԻՍ-ին վերադարձը Սուրիա։

Ամերիկայի կը մնայ դիւանագիտական զօրակցութիւն հայթայթել Իսրայէլի, որ կ՚ուզէ արգիլել Իրանի, որպէսզի անիկա չօգտագործէ սուրիական երկրամասը, անկէ հրթիռային ռմբակոծման ենթարկելու համար Իսրայէլը։ Ռուսիա, բարւոք յարաբերութիւնները պահելով Իսրայէլի հետ, պիտի չուզէր որ Սուրիա ռազմավայր դառնայ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ։ Սուրիական նման քաղաքականութիւն մը կրնար նաեւ ճեղք մը ստեղծել Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ։

Ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէն քաշուելու պարագային, կամ անոնց խորհրդանշական ներկայութիւնը, պիտի տկարացնէ SDF-ին ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը։ Անոր շրջանային կառոյցը պիտի տարբաղադրուի, այլազան դաւանական թէ ցեղային խմբաւորումներէ կազմուած ըլլալով, ենթակայ դառնալով ԻՍԻՍ-ի վերապրումին, կամ ալ՝ գտնէ նոր դաշնակիցներ, ինչպէս՝ Իրանը, ու նոյնիսկ՝ սուրիական իշխանութիւնները։

Դժբախտաբար, միակ թեկնածուն որ կրնայ SDF-ին զինուորական ու դիւանագիտական զօրակցութիւն հայթայթել, Ռուսական Դաշնութիւնն է։ Անոր օգնութեամբ SDF-ը կրնայ համաձայնութեան գալ՝ սուրիական բանակին մէջ ներմուծուելու համար, քաղաքական ճանաչողութիւն ձեռք ձգելով տեղական մարմիններու մէջ։ Ամերիկա եւս, զուգահեռաբար, գործելու է այս ուղղութեամբ յառաջիկայ ամիսներուն։ Նախագահ Թրամփի կողմէ կատարուած նոր յայտարարութիւնը (իր զօրքերուն քաշուելու մասին) պիտի նպաստաւորէ Ռուսիան, Իրանը ու Թուրքիան։

Ամերիկեան ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ մարելու վրայ ըլլալով, ամերիկեան նպատակակէտերը ըստ այնմ պիտի կազմակերպուին։ Մ. Նահանգներ պիտի ձգտի որ Սուրիա չդառնայ յենարան իրեն եւ իր դաշնակիցներուն դէմ՝ այլազան գործունէութեանց ընթացքին։

Ազատ թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Foreign Affairs», Մայիս-Յունիս 2019

 

* Յօդուածագիրը երբեք ակնարկութիւն չ՚ըներ ռուսական կամ իրանեան դերակատարութեանց մասին՝ ԻՍԻՍ-ի պարտութեան որպէս կարեւոր գործօն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին