«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներուժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր ԿարօՓայլան դարձեալ անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ ԹայիփԷրտողանի կողմէ Ապրիլ 24-ին կատարուած հակահայ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող նորագոյն յայտարարութեան, որուն մէջ Էրտողան Հայաստանին եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն արխիւները բանալու կոչ ուղղած էր: «Էրտողան ըսաւ.
«Իրականութիւնը փնտռելու վայրը արխիւներն են»: Անատոլիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ արխիւ է, փաստաթուղթ է: Իմ փաստաթուղթն ալ՝ արխիւս մեծ մայրս՝ Սիրանոյշն է: Ամէն տան մէջ Սիրանոյշները իրենց թոռներուն մեծ աղէտին ընթացքին վերապրողներու մասին պատմած են: Եթէ պատրաստ էք լսելու, եկէք պատմենք, մեր փաստաթուղթերով, թրքերէնով», ըստ “Երկիր”-ի՝ գրած է Փայլան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ։






