Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ՝ ՉՈՐՔ-ՄԱՐԶՊԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ 1909-Ի ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

7 Ապրիլ, Երեքշաբթի

Ռազմական գործողութիւններու մէջ մեծ յաջողութիւն կը նկատուի. փոխան ինքնապաշտպանութեան նախայարձակ կ’ըլլան հայ կտրիճները եւ արժանի դաս մը կու տան արիւնարբու թշնամիին:

Վճռական կռիւը տեղի կ’ունենայ Տէլի Չայի (Գիժ գետակ) հովիտին մէջ գտնուող Եղջերու բլուրի լանջին: Հայերը կու տան երկու զոհ եւ երեք վիրաւոր: Այս կռիւի ընթացքին իր քաջութեամբ նշանաւոր կը հանդիսանայ Օճագլըէն Վահան Չոճաք հայորդին:

 

            8 Ապրիլ, Չորեքշաբթի

            Տակաւին ոչ մէկ արձագանգ կու գայ Պոլսոյ մէջ կատարուած Բ. յեղաշրջումէն: Թուրք խուժանը՝ խելագարած ամբոխներու նման կը շարունակէ արիւնահեղութիւնը: Այս օրուան կազմակերպուած յարձակումներն ու հակադարձութիւնները կ’ըլլան ամենաթէժը՝ վերջին քանի մը օրերուն հետ բաղդատած:

            Այսինքն, թուրք խուժանին եւ անոր կրօնական Մոլլային առաջնորդութեամբ տեղի կ’ունենայ ահեղ մարտ: Դիրքապետներէն մէկը Վահան Չոճաք՝ կ’արձակէ առաջին անվրէպ գնդակը, որմէ ետք կը պայթի համազարկը:

            Թշնամիէն գետին տապալողներէն մէկն էր նաեւ խուժանին առաջնորդ շէյխը, որուն թողած ժառանգը՝ հմայակիր դրօշակն ու զէնքը, իրարու մէջ կը բաժնեն Չորք-Մարզպանի քաջարի զինեալները:

 

            9 Ապրիլ, Հինգշաբթի

            Ճակատագրական օր մը արդարեւ:

            Ժիրայր Պոյաճեանի աշակերներէն Քերովբէ Տէր Ստեփանեան, Մկրտիչ Շաքլեան եւ Մերուժան Քեհէեան կը հաւաքեն երկու հարիւրի չափ աղջիկներ ու կանայք ու զանոնք կը շարեն զինուորական դասաւորութեամբ, եւ իրենց ձեռքին մէկական փայտ՝ տողանցք կը կազմակերպեն Չորք-Մարզպանի փողոցներու մէջ, առ ի ցուցադրութիւն, հոգեբանօրէն ընկճելու համար թուրքերու կորովը, ինչ որ ճշմարտութեան կը համապատասխանէ:

            Սակայն, այս «տողանցք»էն ետք, թուրք խուժանը կրկին յարձակում մը կը գործէ ձիաւորներու խումբերուն: Թուրքը զինուած էր ձեռնառումբերով, Մաուզէրներով եւ Մարթիններով: Այս անգամ եւս, թուրքը կը ձախողի եւ ռազմադադարի վրայ կը թողու մաս մը իր զինամթերքէն:

            Չորք-Մարզպանի հայութիւնը կրկին կը հերոսանայ, իսկ թշնամին կը վերադառնայ իր որջը:

 

 

            10 Ապրիլ, Ուրբաթ

            Չորք-Մարզպանի երէցներու խորհուրդը փորձ մը կ’ընէ դիւանագիտական ու խաղաղ միջոցներուն դադրեցնել հետզհետէ աւելի սաստկացող կռիւները: Ժողովը կ’որոշէ երկու պատգամաւոր ղրկել Էրզինի կառավարել Ասաֆ Պէյին՛ որպէս կառավարութիւնը միջամտէ եւ դադրեցնեն քաղաքին վրայ կատարուող խուժանային կռիւները:

            Ասաֆ Պէյ անընդունելի պայմաններ կ’առաջարկէ հայկական կողմին:

            Երէցներու եւ Հրամանատարութեան միացեալ որոշումով, հայերը կրաւորական վիճակէն կ’անցնին յարձակողական ռազմավարութեան: Կը համախմբուին շրջանի մէջ եղող բոլոր ոյժերը եւ կ’որոշեն յաջորդ օրն իսկ անցնիլ յարձակողական վիճակի, Չայլըի եւ Կուզուլուճուի ուղղութեամբ:

 

            11 Ապրիլ, Շաբաթ: Ջուրերու կռիւը:

            Չորք-Մարզպանն եւ շրջակայլը առանց ջուրի է: Ջուրի տագնապը զգալի է եւ մահացու, որովհետեւ, մարդ կրնայ առանց հացի կենդանի մնալ, սակայն առանց ջուրի՝ ոչ: Ուրեմն, վերակենդանանալու միակ միջոցն էր յարձակիլ ու վերահաստատել ջուրի բնական հոսքը:

            Հայուն բնազդային արիասիրտ կամքը կը շարունակէ վառ մնալ եւ հրաշքներու համազօր հերոսական արարքներու հեղինակ ըլլալ: Առաջին անգամ ըլլալով, չորք-մարզպանցիներ ռազմադաշտը կը փոխադրեն թշնամիին տարածքէն ներս:

            Ջուրը կը սկսի վերստին հոսիլ դէպի Չորք-Մարզպանի պարտէզներն ու բնակարանները: Ջուրի հոսքը հոգեբանական մեծ ազդեցութիւն կը գործէ Չորք-Մարզպանի բնակչութեան մօտ եւ կը վերահաստատէ հաւաքական գիտակցութիւն՝ քաջութիւն եւ ինքնավստահութիւն: Կենսատու ջուրը այդ օրերուն կ’արժէր աւելի քան ոսկին:

            Թուրքը կը նահանջէ այս անգամ եւս, սակայն չի վհատիր եւ յաջորդ օրն իսկ կը դիմէ իւրայատուկ հնարամտութեան:

 

            12 Ապրիլ, Կիրակի

            Կռիւներու ամենաթէժ շրջանին, Էրզինի Մութասարրըֆ Ասաֆ պէյ նամակ մը կը ղրկէ Հաճի Հասան էֆենտիին հետ, որ ճերմակ դրօշակ մը պարզած կը մօտենայ Տոքթ. Մովսէս Աւետիքեանի պատասխանատուութեան ենթակայ թիւ 1 պատնէշին:

            Փոխադարձ նամակները կը մնան անընդունելի երկուստեք:

 

            12 Ապրիլ, Կիրակի

            Մինչ հայոց եկեղեցիներու մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուէր, թշնամի թուրքը անակնկալի բերել կ’ուզէ Չորք-Մարզպանը եւ Այասի կողմէն գալով թուրք ձիաւորներ կատաղի յարձակում մը կը գործեն: Այս յարձակումը անմիջապէս կը զսպուի հայերու կողմէ, որոնք գալով արեւմուտքէն, կռնակէն կը զարնեն ասպատակները եւ կը ցրուեն զանոնք: Նոյն գիշերն իսկ, հրամանատարութիւնը կ’որոշէ դարանակալ սպասել Փայաս-Այաս ճանապարհին մօտ, ասպատակներուն ջախջախիչ հակահարուած մը տալու համար:

 

            13 Ապրիլ, Երկուշաբթի

            Չորք Մարզպանի հեծեալներու ջոկատ մը կը մեկնի իրեն տրուած յանձնարարութիւնը կատարելու: Գործողութիւնը կ’աւարտի յաջողութեամբ, երբ Այաս գացող հետեւակ զինուորներու գումարտակին վրայ յարձակումէ մը ետք, չորք-մարզպանցի մարտիկներ զինաթափ կ’ընեն հետեւակ զինուորները եւ կը գրաւեն բաւարար չափով զինամթերք, զայն պահելով Դաւթօղլեան ընտանիքի պարտէզին ստորերկրեայ թաքստոցի մը մէջ:

 

            14 Ապրիլ, Երեքշաբթի

            Էօզերլիի եւ Փայասի կողմէն թրքացեղ ամբոխ մը, առաջնորդութեամբ տասը հոգինոց հեծեալներու, կը դիմաւորուի հայերու կողմէ կատարուած բուռն յարձակումով մը: Թշնամիին այս հերթական փորձն ալ ձախողութեամբ կ’աւարտի:

            Շուկայի կռիւներուն՝ հերոսածին հայ կանայք եւս իրենց բաժինը կը բերեն: Այդ կիներէն մէկն էր Միքել Կըզըն (Միքելի դուստրը) որուն խրախուսիչ բարձրագոռ գոչիւնները ուղղուած խրամատներու մէջ դարանակալ սպասող քաջարի հայորդիներուն՝ կու տար ոյժ եւ կորով: Նոյնպէս, քաջասրտութեան տիպար օրինակ կը հանդիսանան Տէր Խորէնին կինը՝ երէցկին Մարգրիտ Ալեքսանեան եւ Աննիկ Տէր Գէորգեան:

            Տէր Խորէնին տան մօտակայքը գտնուող խրամատներուն մէջ կռուողներն էին Տէր Խորէն քահանան եւ իր որդին Յովհաննէս Ալեքսանեան: Երէցկինը անոնց կը հասցնէր սնունդ, ջուր ու փամփուշտ, արհամարհելով կարկուտի պէս տեղացող թշնամիին գնդակները: Խուժանին առաջնորդ շէյխը մինչ կը յառաջանար, կը պարծենար ըսելով, թէ «Մարգարէին եւ այս դրօշին զօրութեամբ կեաւուրին գնդակը չ’անցնիր: Այդ պահուն Խորէնին տղուն արձակած գնդակէն կը տապալի շէյխը:

            Աննիկ Տէր Գէորգեանը դուստրն էր 1895-ին Աքփունարի իր ագարակին մէջ զոհուած Խաչեր Գարատանայեանին. ան այրի մնացած էր իր երկու մանչերով: 1909-ին Աննիկ կ’ուզէր վրէժը լուծել իր նահատակ ամուսինին:

 

            15 Ապրիլ, Չորեքշաբթի

            Էրզինէն կը հասնի հայասէր հարիւրապետ Հաճի Հասան հայ պատգամաւորի մը հետ ու կը յանձնէ Մութասարրըֆիին նամակը ուղղուած Չորք-Մարզպանի հայութեան: Նամակին մէջ գրուած էր, թէ շուտով Օսմանեան զօրքեր, հրամանատարութեամբ հազարապետին պիտի գան Չորք-Մարզպանը պաշարելու եւ սովամահ ընելու զայն:

            Այս սպառնալիքը հայկական կողմէն կ’ընդունուի գրեթէ նոյն ոճով, որուն պատասխան նամակին մէջ պատշաճօրէն կը բացատրուի հայութեան տեսակէտն ու կեցուածքը:

 

            16 եւ 17 Ապրիլ, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ

            Ինքնապաշտպանութեան թէժ օրերուն, Ալեքսանտրէթ կ’ուղարկուին սուրհանդակներ, գլխաւորութեամբ Տէր Գրիգոր քահանային: Անոնք կը ներկայանան անգլիական հիւպատոս Մր. Քաթունիին՝ կատարելու համար պատշաճ միջամտութիւն մը:

            Արդարեւ, Չորք Մարզպանի սուրհանդակներուն առաքելութիւնը կը պսակուի յաջողութեամբ:

 

            18 Ապրիլ, Շաբաթ, Զինադադարի կնքում

            Ապրիլ 18-ի յետմիջօրէին թուրք բանակի զինուորներ ցամաք կ’ելլեն:

            Հարց էր, վստահի՞լ կեդրոնէն հրահանգուած ու պաշարումը դադրեցնելու առաքելութեամբ ղրկուած զօրքին… թէ՝ կազմ ու պատրաստ սպասել յոռեգոյնին, այսինքն աւելի թէժ կռիւներու, այս անգամ կանոնաւոր բանակի դէմ:

 

            19 Ապրիլ, Կիրակի

            Ժողովուրդը հաւաքուած է եկեղեցիները ուր կը ծանուցուին գալիք միջոցառումներն ու բարեկարգումները: Երէցներու թելադրութեամբ, քահանայ հայրերը խորհուրդ կու տան մարտիկներուն եւ ընդհանուր հայ ժողովուրդին՝ ըլլալ զգոյշ, զինուորական զէնքերէն ձերբազատուիլ շուտով եւ թաքցնել զանոնք խիստ ապահով վայրերու մէջ, որպէսզի առիթ չտրուի մեղադրելու թուրք պետութեան կողմէ:

            Յաջորդող Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի (20 եւ 21 Ապրիլին) կը յայտնուին դրութիւնը բարելաւող եւ բնականոն վիճակին վերադարձող նշաններ:

            Տեղի կ’ունենան հայ եւ թուրք խառն ժողովներ: Թուրքերը պայման կը դնեն, որ մինչեւ Ապրիլ 26 բանակին յանձնուի գրաւուած զինամթերքը: Յաջորդ օր՝ 22 Ապրիլին, հրամանատար Նետիմ պէյ կոչ կ’ընէ վերսկսելու խաղաղ կեանքը: Կը վերաբացուին քաղաքապետարանը, Գայմագամութեան կառավարական շէնքն ու հեռագրատունը:

 

         Աւարտ զինեալ ինքնապաշտպանութեան

            Չորք-Մարզպանի ամիս մը տեւող ինքնապաշտպանութիւնը վերջ կը գտնէ ու բնականոն կեանքը կը վերսկսի:

            20 հազար հայութիւնը խիստ նեղ օրերու մէջ է:

            Պարենաւորման յանձնախումբի պատուէրով Խաչեր Գարաեաղուպեան կը ղրկուի Ալեքսանտրէթ սննդամթերքի գնման եւ առաքման գործով զբաղելու: Միայն մէկ-երկու օրուան պարէն մնացեր էր: Հեռագիրներ կ’ուղարկուին Եգիպտոս՝ ՀԲԸՄ-ի կեդրոն ու Պոլսոյ Պատրիարքին, ներկայացնելով Չորք-Մարզպան ապաստան գտած հայութեան սպասող սովամահութեան վտանգը: Յաջորդ օրն իսկ, ՀԲԸ Միութեան կեդրոնէն կը փոխանցուի 200 ոսկի, իսկ պատրիարքարանէն 100 ոսկի եւ այս գումարներով կը գնուի անհրաժեշտ սննդամթերք ու կը ճամբուի Չորք-Մարզպան:

            Այժմ, կու տանք իսկական պատկերը Չորք-Մարզպանի հայութեան մարդկային թէ նիւթական վնասներուն:

            Արդարեւ, Ատանայի եւ մօտակայքի կորուստը կը գնահատուի 30 հազար մարդ:

            Այժմ ծանօթանանք ինքնապաշտպանութեան օրերուն Չորք-Մարզպանի ու շրջակայ գիւղերու մարդկային ու նիւթական վնասներուն: Չորք-Մարզպան կը ներկայանայ հետեւեալ ճշգրիտ պատկերով (Տե՛ս Մ. Գոճայեանի «Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի» հատորը, էջ 96-98):

 

            ՉՈՐՔ-ՄԱՐԶՊԱՆ

            Սպաննուած՝ 56 անձ, 4-ը՝ կին, 3-ը՝ երեխայ

            Վիրաւոր՝ 72 անձ, 17-ը՝ կին, 2-ը՝ երեխայ

            Կողոպտուած՝ 18 խանութ շուկային մէջ

            Հրդեհուած՝ 4 խանութ եւ 1 նարինջի ամառանոց

            Փճացած՝ 2 ջրաղաց, մէկը՝ կիսով փլած

            Սպաննուած ձի՝ 26

            Հրդեհուած կամ քանդուած տուներ՝ 30, 20-ը՝ ագարակներու մէջ

            Դրամական վնաս՝ 27,000  Օսմ. ոսկի:

 

            ՕՃԱԳԼԸ

            Սպաննուած՝ 22 անձ, 6-ը՝ կին

            Վիրաւոր՝ 31 անձ, 10 կին, 4-ը՝ երեխայ

            Հրդեհուած կամ քանդուած տուներ՝ 24 տուն

            Դրամական վնաս՝ 7,000 Օսմ. ոսկի

            Հայ բնակչութիւնը՝ տեղափոխուած Չորք-Մարզպան

            Եկեղեցին ու դպրոցը՝ հրկիզուած:

 

            ԷՕԶԵՐԼԻ

            Սպաննուած՝ 5 անձ, 1-ը՝ կին

            Վիրաւոր՝ 6 անձ

            Հրդեհուած կամ քանդուած՝ 30 տուն

            Դրամական վնաս՝ 6,000 Օսմ. ոսկի

            Հայ բնակչութիւնը՝ տեղափոխուած Չորք-Մարզպան

            Եկեղեցին ու դպրոցը՝ հրկիզուած:

 

            ԱՄՓՈՓ՝

            Մարդկային կորուստ        ա) 56 Չորք-Մարզպան

                                                            բ) 22 Օճագլը

                                                            գ) 5 Էօզերլի

 

            Դրամական Վնաս              ա) 27,000 օսմանեան ոսկի

                                                           բ) 7,000 օսմանեան ոսկի

                                                           գ) 6,000 օսմանեան ոսկի    

 

Ծանօթ. Չորք-Մարզպանի ու վերեւի երկու գիւղերուն մէջ սպաննուած 83 հայրենակիցներէն զատ, ամբողջ շրջանին մէջ, այսինքն ագարակները, միջքաղաքային առեւտուրի մեկնածները, երթի կամ դարձի ճամբուն վրայ գտնուող զոհերով միասին, շրջանին զոհերուն թիւը կը բարձրանայ շուրջ 300-ի:

***

Չորք-Մարզպանի ու շրջակայքի  հայութիւնը, ինչպէս  ամբողջ Կիլիկիոյ պարագային, վերապրողներու սերունդներ ՝ բռնագաղթի հետեւանքով կայք հաստատեցին օտար ափեր՝ Սուրիա, Լիբանան, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ: Չորք-մարզպանցիներու մեծագոյն  մասը նախընտրեց հաստատուիլ մերձակայ Ալեքսանտրէթ՝ ուր մնաց մինչեւ 1938, երբ Ֆրանսան Սուրիոյ պատկանող այս հողատարածքն ալ «նուիրեց» Հանրապետական Թուրքիոյ, եւ Սանճագի հայութիւնը (ներառեալ Մուսալեռի շրջանը) փոխադրուեցաւ Լիբանան ու մասամբ՝ Սուրիա:

Տարագիր սփիւռքահայութիւնը սկիզբ առաւ 1923-ին: Այդ թուականին գրուած է Վ. Թէքէեանի  «Սփիւռք» քերթուածը: Գրական էջ մը, որ լիովին  կը բացայայտէ Տարագիր Հայուն ճակատագիրը:

Մնացեալ 100-ամեակի մինչեւ ներկայ թուականը՝ մեր բոլորիս կենսագրութիւնն է, ու քաջածանօթ համայն հայութեան:

 

(Շար 3 եւ վերջ)

Պատրաստեց՝                                

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին