Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ DPSS-Ի ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՁԵՌՆԱՐԿ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս մեր ընթերցողները գիտեն, Քալիֆորնիա նահանգը 58 գաւառ (County) ունի: Անոնցմէ մէկն է Լոս Անճելըս գաւառը, որ ունի մօտ 11 միլիոն բնակչութիւն եւ 112 հազար պետական պաշտօնեաներ, որոնց մօտ 8 առ հարիւրը հայեր են:

Լոս Անճելըս գաւառը ունի 34 բաժանմունքներ եւ 200-է աւելի մարմիններ՝ բնակչութեան զանազան ծառայութեանց համար:

Այս բաժանմունքներէն է Ընկերային ծառայութեանց բաժանմունքը (Department of Public and Social Services), որ կը զբաղի բնակչութեան առողջապահական եւ նիւթական որոշ նպաստներ հայթայթելով:

Միայն DPSS ունի 31 կեդրոններ Լոս Անճելըսի գաւառին մէջ, որոնցմէ մին է DPSS-ի Կլենտէյլի կեդրոնը: Այս կեդրոնին մէջ կը գործեն մօտ 380 պաշտօնեաներ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հայերը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին Կլենտէյլի DPSS կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեր Սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման իրապէս փառաւոր եւ տպաւորիչ ձեռնարկ մը, գլխաւորութեամբ կեդրոնի պաշտօնեաներէն, ազգային ծանօթ գործիչներ Վահագն Աբգարեանի եւ Ճորճ Մատոյեանի:

Պաշտօնէութեան հոծ բազմութիւն մը եկած էր, իրենց հայ պաշտօնակիցներուն ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնելու:

Ամերիկեան եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, շատ գեղեցիկ մատուցմամբ բացման խօսքը կատարեց երիտասարդ պաշտօնեաներէն Անի Նազարեան:

Մասիս Մեսրոպեան եւ Սիմոն Սիմոնեան «Ատանա» երգի կատարումով խռովեցին ներկաներուն հոգիները:

Ապա, հանդիսավարուհին ջերմ խօսքերով ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս Դոկտ. Քէյ Մուրատեանը: Արդարեւ, մեզի համար իսկապէս հաճելի յայտնութիւն մըն էր լսել համալսարանի այս շնորհաշատ դասախօսուհիին ելոյթը: Դոկտ. Մուրատեան վերջերս գիրք մը հրատարակած էր նուիրուած իր մօր. այդ գիրքին միջոցաւ ան խօսեցաւ մեր ժողովուրդին ապրած դժոխային սպանդի օրերուն մասին:

Դոկտ. Մուրատեանի ելոյթը արժանացաւ հայ եւ օտար ներկաներու ջերմ ծափահարութեան:

Ապա, քոնկրեսմէն Ատամ Շիֆի խիստ շահեկան խօսքը կարդաց իր գործակատարներէն Մարի Յովակիմեան, որ հրապարակախօսի իր հմայիչ ելոյթով խորապէս գոհ ձգեց բոլոր ներկաները:

Խօսք առաւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի անդամ, հեռատեսիլի կայաններու սեփականատէր Վրէժ Աղաճանեան:

Գնահատագիր մը յանձնուեցաւ եւ կարդացուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քաթրին Պարկըրի կողմէ, որ յանձնուեցաւ DPSS-ի կեդրոնի տնօրէն Darrel Baker-ի:

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին DPSS-ի Կենտէյլի կեդրոնի ընդհանուր տնօրէնը եւ անոր օգնականները:

Տնօրէն Darrel Baker խօսք առնելով, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց եւ մաղթեց որ մարդկութիւնը հեռու մնայ նման սպառնացող ցեղասպանութիւններէ։

Աւարտին, հիւրաբար ներկայ եղող արուեստագէտներ՝ Յասմիկ Ճառահեան, Սուրէն Մինասեան, Մասիս Մեսրոպեան եւ Սիմոն Սիմոնեան «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի» խմբերգով եւ ներկաներու լիաթոք մասնակցութեամբ վերջ գտաւ այս իրապէս երկար ժամանակ ներկաներու մտքին եւ հոգիին յիշողութեան մէջ դրոշմուելիք ձեռնարկը:

Նշենք, թէ պաշտօնական այս բաժինէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը մեր նահատակներու հոգիներուն համար: Իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ անձնական հայկական արուեստի նմոյշներ բերուած էին, որոնք ցուցադրուեցան ձեռնարկի ողջ տեւողութեան:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբի բոլոր անդամները, անոնց ըսելով ձեր վարձքը կատար: Մեր նահատակներուն օրհնութիւնները թող բոլորիդ վրայ ըլլայ:   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին