Կիրակի, 25. 01. 2026

spot_img

Կեանքը Միշիկընի ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանէն ներս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միշիկընի լաւագոյն կրթական հաստատութիւններէն մին համարուող Մանուկեան վարժարանը կը շարունակէ իր յաղթական երթը: 2018-2019 տարեշրջանը 415 աշակերտներով ու 42 ուսուցիչներով սկսած այս դպրոցի առաջին ձեռնարկը աւանդական, հայկական մշակոյթը փառաբանող Թարգմանչաց տօնակատարութիւնն էր: Արդարեւ, Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին, վարժարանիս հանդիսասրահը փութացեր էին նաեւ ծնողներ, որոնց համար միշտ ալ հաճելի էր տեսնել իրենց զաւակներուն հայերէն արտասանութիւններն ու երգերը բեմին վրայ:

STEAM

Վերջին քանի մը տարիներուն, Մանուկեանի տնօրէնութիւնը մեծապէս կը շեշտէր  գիտական նիւթերու խորութեամբ դասաւանդման կարեւորութիւնը յատկապէս  երկրորդական բաժնին մէջ: Աշակերտական ընդհանուր առաջին ժողովին իսկ, տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան բացատրեց, թէ STEAM (Science, Technology, Engineering, Arts, Math) ծրագրի ծիրէն ներս, վարժարանս յաջողակ աշակերտներուն պիտի տրամադրէր յատուկ վկայագիրեր, որ վստահաբար պիտի նպաստէր յետագային համալսարան ընդունուելու եւ մանաւանդ կրթաթոշակ ստանալու համար: Երկրորդականի մէջ մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութեամբ արդէն կը դասաւանդուէին յառաջացեալ գիտական նիւթեր ինչպէս՝ մեքենագիտութիւն (robotics), ճարտարագիտութիւն, համակարգչային ծրագրաւորում, կենսաբանութիւն (մարդկային մարմինի ուսումնասիրութիւն), ինքնաշարժի կառուցման հիմունքներ (automative engineering), բնապահպանման դասընթացք:

Ամրան ընթացքին վերոյիշեալ առարկաները ուսումնասիրած աշակերտները մասնակցեր էին գործնական դասընթացքներու ստանալով բարձր գնահատականներ:  Մանուկեանի աշակերտները այս տարի վեցերորդ տարին ըլլալով պիտի մասնակցէին ելեկտրական ինքնաշարժներու համամիշիկընեան դպրոցական մրցոյթին: Դպրոցս այս ճիւղին մէջ արդէն ունէր հինգ մրցանակներ: Նոյնպէս մեքենագիտութեան մրցոյթներուն Մանուկեանի աշակերտները պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգած էին. անոնք չորս մրցանակներ շահեր էին անցեալ տարիներուն: Դոկտ. Թորոսեան կը քաջալերէր յատկապէս աշակերտուհիները, որպէսզի մասնակցին արհեստագիտական ու ճարտարագիտական նիւթերու յառաջացեալ դասընթացքներուն: Ան կը շեշտէր, թէ Միշիկընի ու ընդհանրապէս Ամերիկայի մէջ երիտասարդուհի ճարտարագէտները մեծ պահանջարկ ունէին: Ի վերջոյ Մանուկեանի պատմութեան մէջ պիտի յիշուի երկու տարի առաջ դպրոցիս ելեկտրական ինքնաշարժի վարորդ Մոնիկա Ղարիպեանը, որ ինքնաշարժներու մրցոյթին երկրորդ տեղը գրաւեր էր:

 

Այցելութիւններ

Այս մարզէն ներս շատ կարեւոր էր նաեւ աշակերտներու ուսումնական այցելութիւնները արդիւնաբերական հաստատութիւններ: Անոնք այս տարի այցելեցին ինքնաշարժի «Նիսան» ընկերութեան գիտական նորարարութեան կեդրոն, Միշիկընի համալսարանի եւ Wayne State համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքներ, Օքլընտ Քոլեճի բարձր ճարտարարուեստներու բաժանմունք, General Motors ընկերութեան Women in Engineering-ի դասընթացքներուն:

Տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ, աշակերտներուն նախասիրած միջոցառումը Detroit Economic Club-ի ձեռնարկներուն մասնակցութիւնն էր: Այդ հանդիպումներուն, աշակերտները իրենց տնօրէն Դոկտ. Թորոսեանին հետ միասին առիթ կ’ունենային լսելու հետաքրքրական զեկոյցներ Միշիկընի տնտեսութեան զարգացման վերաբերեալ: Անոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենային անձամբ ծանօթանալու եւ զրուցելու Միշիկընի տարբեր ճարտարարուեստներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ:

 

Հայերէնի բաժանմունք

Ի հարկէ այս բոլորին հետ միասին, Մանուկեանի տնօրէնութիւնը բծախնդիր է հայկական բաժանմունքի գործունէութեան նկատմամբ: Հայկական նիւթերու ուսուցիչները Օգոստոսի վերջաւորութեան մասնակցեցան աշխատանքային միջոցառման, Միշիկընի համալսարանի օտար լեզուներու բաժանմունքին մէջ: Անոնք ծանօթացան համալսարանի օտար լեզուներու դասաւանդման նոր եղանակներուն, ուր համակարգչային նոր ծրագիրներու օգնութեամբ լեզուներ կը դասաւանդուէին: Այս ծրագիրը շատ օգտակար պիտի ըլլար յատկապէս Մանուկեանի ոչ հայախօս աշակերտներուն հայերէն սորվեցնելու նպատակին համար:

. Միջնակարգ ու երկրորդական կարգերու աշակերտները Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին հաւաքուեցան դպրոցիս հանդիսասրահը: Այդ օրուան հանդիսութիւնը նուիրուած էր նորոգ հանգուցեալ, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կեանքին ու արուեստին. նաեւ այդ օր աշակերտներուն ներկայացուեցաւ 2018-ի գարնան տեղի ունեցած Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան պատմութիւնը: Բախտի զուգադիպութեամբ մեր աշակերտները ճիշդ այդ ժամանակ Հայաստան կը գտնուէին: Հայաստան ճամբորդած աշակերտները պատմեցին ականատեսի իրենց փորձառութեան մասին եւ նշեցին, որ բնաւ պիտի չմոռնան հայաստանցի իրենց հայրենակիցներուն խանդավառութիւնը յեղափոխութեան ընթացքին:

***

Ահա այսպէս կարելի է ամփոփել Մանուկեան վարժարանի առաջին կիսամեակը. իսկ դպրոցիս համալսարանական յաջողութիւններուն մասին կը խոստանանք շուտով հանրութեան ներկայացնել մեր աշակերտներուն պատուաբեր արդիւնքները:

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹՒՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին